ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԵՑ ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՈՅԻ »ԹՈՒՄԱՆՃԵԱՆ« ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ 25-ԱՄԵԱԿԻՆ ՈՒ ՎԵՐԱԲԱՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԵԱՆ

Կիրակի, 12 Փետրուարին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Ս. Պատարագի արարողութեան, եւ փոխանցեց իր պատգամը։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, տեղի ունեցաւ վերանորոգուած »Թումանճեան« Երիտասարդական Կեդրոնի 25-ամեակն ու վերաբացման հանդիսութիւնը, որ կազմակերպուած էր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներուն եւ Հոգաբարձութեան կողմէ եւ կը վայելէր Առաջնորդ Սրբազան Հօր նախագահութիւնը։

Բացման հանդիսութեան ներկայ էին սրահի բարերար Տիար Ճորճ Թումաճեան ու իր ընտանիքը, Մոնթեպելլոյի Քաղաքապետ Dr. Frank Gomez, եւ քաղաքապետարանի անդամ Տիար Ճէք Հաճինեան։ Ներկայ էր նաեւ Ազգային Վարչութեան անդամ Տիար Լեւոն Կիրակոսեան։

Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց սրահի բացման արարողութիւնն ու բարերարի հետ միասին ժապաւէնի հատումը։ Բարի գալուստի խօսք արտասանեց Հոգաբարձութեան ատենապետուհի Տիկին Գոհարիկ Կապրիէլ։ Մոնթեպելլոյի քաղաքապետութեան կողմէ հրչակագիր մը փոխանցուեցաւ բարերարին։ Առաջնորդ Սրբազանը փոխանցեց իր օրհնութեան եւ գնահատանքի խօսքը։ Ապա, մտերմիկ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։

 

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022

ԼՈՒՐԵՐՈՒ ԱՐԽԻՒ