Ս. Ստեփանոսի Տօնին Առիթով Առաջնորդ Սրբազանը Հանդիսապետեց Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին

Կիրակի, 24 Դեկտեմբեր 2017-ին, Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագ եւ առաջին մարտիրոսին տօնին առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ Սուրբին կեանքէն ներշնչուած պատգամ մը ուղղեց հաւատացեալ ժողովուրդին, օրհնելով եկեղեցւոյ ծառայող սարկաւագները, դպրաց դասի անդամներն ու Ս. Խորանին ծառայողները, նկատի ունենալով, որ այս տօնը նուիրուած է բոլոր սարկաւագներուն։ Ս. Պատարագ մատուցանեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան։

Այս տօնին առիթով, մեր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, նախ քան օրուան քարոզը՝ երգուեցաւ «Ստեփանոս Քաղցրիկ Տատրակ» շարականը։ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, այս շարականի պահուն, սարկաւագները, մոմեր ի ձեռին, Ս. խորան բարձրացան եւ Առաջնորդ Սրբազանին առջեւ ծնրադրելով՝ ստացան անոր օրհնութիւնները։

Իր պատգամին մէջ Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորեց սարկաւագներն ու եկեղեցւոյ ծառայողները, յայտնեց, թէ օր մը առաջ, Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցած է մեր բոլոր եկեղեցիներուն ծառայող սարկաւագներու միօրեայ համագումարը, որ ծառայական ուխտի վերանորոգումի առիթ էր։ Շարունակելով իր խօսքը, ան վեր առաւ քրիստոնէութեան համար առաջին նահատակին՝ Ս. Ստեփանոսի առաքինութիւնները, յիշեցնելով, որ ան իմաստութեամբ լեցուն էր, բարի համբաւ կը վայելէր ու մանաւանդ Ս. Հոգիին շնորհքներով լի՝ օրինակելի եւ մաքուր կեանք մը կը վարէր, քաջաբար դէմ կանգնեցաւ զինք քննադատողներուն, հաւատքի վկայութիւնը կատարեց եւ նահատակութեամբ արժանացաւ մարտիրոսութեան լուսապսակին։ Առաջնորդ Սրբազանը սարկաւագներն ու եկեղեցւոյ ծառայողները յորդորեց հետեւելու Սուրբին օրինակին, ըլլալ խոնարհ, աղօթող, քաջ, ծառայասէր ու Ս. Գիրքը ի ձեռին ունենալ ամէն օր, ընթերցել զայն ու ապրիլ աստուածահաճոյ կեանք։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022