Առաջնորդ Սրբազանը Հանդիսապետեց Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Ս. Պատարագին եւ Շնորհաւորեց Ազգ. Մեսրոպեան Վարժարանի Շրջանաւարտները

Մոնթեպելլոյի Ազգ. Մեսրոպեան երկրորդական վարժարանը ունի բարի աւանդութիւն մը. ուսումնական տարուան աւարտին, երկրորդականէն շրջանաւարտ աշակերտներ, վկայական ստանալու նախօրեակին, ներկայ կ’ըլլան Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Ս. Պատարագին, Ս. Հաղորդութիւն կը ստանան եւ ունկնդիր կ’ըլլան Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի պատգամին եւ կը ստանան անոր օրհնութիւնները։

Այս տարի աւանդական Ս. Պատարագը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 3 Յունիս 2018-ին։ Պատարագիչն էր եկեղեցւոյ հովիւը՝ Արժ. Տ. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեան։ Ս. Պատարագի երգեցողութեան մասնակցեցան վարժարանի նախակրթարանի աշակերտները, առաջնորդութեամբ Մայր Տաճարի հոգեւոր տեսուչ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեանի, դպրապետին եւ իրենց ուսուցիչին։ Վարժարանի տնօրէնը՝ Պրն. Տէյվիտ Ղուկասեան սպասարկեց Ս. Սեղանին։

Առաջին հերթին, Առաջնորդ Սրբազանը քրիստոնէական սիրով եւ հոգեկան ցնծութեամբ ողջունեց Մայր Տաճարի Հոգեւոր Տեսուչը, Հովիւը, երեսփոխանները, հոգաբարձութեան ու տիկնանց միութեան անդամները, շրջանի կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներն ու հաւատացեալները, Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնութիւնն ու շրջանաւարտ աշակերտները։ Ան գնահատեց աշակերտներուն երգեցողութիւնը եւ օրհնեց զանոնք, իր բարի մաղթանքները փոխանցեց մասնաւորաբար շրջանաւարտներուն եւ յորդորեց ընդմիշտ ներկայ ըլլալ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ։

Անդրադառնալով օրուան խորհուրդին՝ Կաթուղիկէ Եկեղեցւոյ Ս. Էջմիածնի Տօնին, Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ այս տօնը Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ առաջին Մայր Տաճարին հիմնադրութեան ու հաստատման տօնն է. օր մը առաջ տօնն էր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Խոր Վիրապէն ելքին։ Ան հակիրճ կերպով խօսեցաւ մեր հաւատոյ հայր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի տեսիլքին մասին, երբ մեր Տէրը երկինքէն իջնելով՝ ոսկեայ մուրճով մը ցոյց տուաւ Մայր Տաճարին վայրը։ Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց, որ Քրիստոսի առաքեալները՝ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթուղիմէոս Քրիստոսի լոյսը բերին Հայաստան, իսկ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Քրիստոնէութիւնը պետական կրօնք հռչակեց. սակայն մեր հաւատքի հիմնական առաջնորդը եղաւ մեր Տէրն ու Փրկիչը՝ Յիսուս Քրիստոս, իսկ Ս. Էջմիածին Մայր Տաճարը եղաւ հայ ժողովուրդի հոգեւոր ծննդավայրը։

Այդ դէպքը կապելով օրուան աւետարանական ընթերցումին, Յովհ. 10։22-30-ի 27րդ եւ 28րդ համարներուն՝ «Ես ոչխարներս կը ճանչնամ. անոնք ձայնս կը լսեն եւ կը հետեւին ինծի, եւ ես անոնց յաւիտենական կեանք կու տամ. անոնք բնաւ պիտի չկորսուին», Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց, որ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ամբողջական հաւատքով, կատարեալ վստահութեամբ նուիրուեցաւ Աստուծոյ, լսեց Անոր ձայնը եւ ընդառաջ գնաց Անոր հրաւէրին, ենթարկուեցաւ Անոր Ս. կամքին եւ հեղինակութեան, ու Աստուծոյ շնորհքով, հայ ժողովուրդը առաջնորդեց քրիստոնէութեան լոյս հաւատքին։ «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եղաւ այն հովիւը, որ մեր ազգը առաջնորդեց միակ Հովիւին՝ Քրիստոսի հօտին. իրերայաջորդ սերունդներ նմանապէս լսեցին նոյն ձայնը եւ ընդառաջեցին անոր, ապա, դարերու ընթացքին անխախտ պահեցին մեր հաւատքն ու ազգային դիմագիծը», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը, նկատել տալով, որ Յիսուս մեր միակ ու ճշմարիտ հովիւն է եւ մենք պարտինք լսել Իր ձայնը եւ ըլլալ քրիստոնէական հաւատքի ու ազգային ժառանգութեանց հաւատարիմ հօտը։ «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչին եւ մեր սրբազան հայրերուն օրինակով՝ եկէ՛ք, խոր հաւատքով անսանք մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսին, Ս. Աւետարանին ու մեր Եկեղեցւոյ աւանդներուն, որոնք հրաւէր են սիրոյ, յոյսի, արդարութեան, փրկութեան եւ յաղթանակի», ըսաւ Առաջնորդ Սրբազանը։

Իր պատգամը ուղղելով շրջանաւարտ աշակերտներուն, Առաջնորդ Սրբազանը մէջբերեց Քրիստոսի ժայռի վրայ շինուած տան առակը եւ թելադրեց աշակերտներուն, որ իրենց կեանքը կառուցեն հաստատ ժայռի վրայ, որպէսզի որեւէ փոթորիկ չկարենայ զայն սասանել, ու այդ ժայռը մեր հաւատքն ու ազգային պատկանելիութեան ամուր հիմերն են, որոնք իրենց փոխանցուած են Մեսրոպեան վարժարանի ու Ս. Խաչ Մայր Տաճարի յարկերուն տակ ուսման ու դաստիարակութեան տարիներուն, նաեւ՝ իրենց ծնողներուն կողմէ։ «Դուք ունիք բաւարար հիմեր, որպէսզի ձեր կեանքը կերտէք լաւագոյն կերպով։ Մի՛ դադրիք աղօթելէ եւ երազներ ունենալէ, մի՛ վախնաք ձախողութիւններէ, աշխատեցէք հաւատքով ու յոյսով։ Իսկ ամէնէն կարեւորը՝ ընտրեցէք ճիշդ ուղին, որ դիւրին ճամբան չէ, եւ ի՛նչ որ ընէք, պատիւ բերէք Աստուծոյ, ձեր եկեղեցւոյ, ընտանիքին եւ հաւաքականութեան», եզրափակեց Առաջնորդ Սրբազանը։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022

ԼՈՒՐԵՐՈՒ ԱՐԽԻՒ