Առաջնորդ Սրբազանը Նախագահեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Առաջին Արեւագալին եւ ՀՕՄ-ի Մեծ Պահոց Ճաշկերոյթին

Տարիներու բարի աւանդութեան համաձայն, Չորեքշաբթի, 26 Փերրուար 2020-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան նախագահեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ առաջին Արեւագալի ժամերգութեան եւ ուղղեց իր պատգամը։ Արարողութեան ներկայ էին Ազգ. Ֆերահեան վարժարանի 11-րդ եւ 12-րդ կարգի աշակերտներ։

Առաջնորդ Սրբազանը իր քարոզը կեդրոնացուց աշակերտութեան առօրեային վրայ, հրաւիրելով զանոնք նորոգելու եւ վերադիտարկելու իրենց կեանքը՝ Մեծ Պահքի ուսուցումներուն համաձայն։ Ան նշեց, որ այսօր երիտասարդութիւնը իր ժամերը մեծաւ մասամբ կ’անցընէ համացանցի ընկերային կայքերու մէջ եւ կոչ ուղղեց հնարաւորինս կրճատել զանոնք եւ նոյն ժամանակը տրամադրել ինքնազարգացումի, ինքնասրբագրութեան, մեր նմաններուն բարիք գործելու, ինչպէս նաեւ աղօթքի միջոցաւ Աստուծոյ հետ երկխօսութեան մէջ մտնելու։ Ան դիտել տուաւ, որ այս օրերուն մարդոց մեծամասնութիւնը զբաղած է միայն ֆիզիքական առողջութեամբ, սակայն Մեծ Պահքը կու գայ մեզի յիշեցնելու, որ նաեւ մեր հոգիի առողջութեան մասին պէտք է մտածենք, մերօրեայ աղօթքներով մենք մեզ վերանորոգենք, ինքնազսպումով ու կարգապահութեամբ ու պահեցողութեան ճամբով մեր մարմինը մաքրելով՝ հոգին զօրացնենք, բարիք գործելով, բարին խօսելով եւ բարին խորհելով՝ մեր հոգիներուն ուրախութիւն պատճառենք եւ մեր ժամանակը օգտագործենք՝ Ս. Գիրք ընթերցելով ու աղօթելով։

Արարողութենէն ետք, «Տիգրանեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի «Անահիտ» մասնաճիւղի կազմակերպած Մեծ Պահոց աւանդական ճաշկերոյթը։ Ներկայ էին Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան, Հոգաբարձութեան անդամ Տիար Արա Փափազեան, Ազգ. Ֆերահեան վարժարանի Տնօրէնուհի՝ Տիկին Սօսի Շանլեան, ՀՕՄ-ի Շրջանային Վարչութեան Ատենապետուհի՝ Տիկին Սիլվա Փօլատեան եւ անդամներ, ինչպէս նաեւ ՀՕՄ-ի «Անահիտ» եւ «Լոռի» մասնաճիւղերու անդամներ։

Ողջոյնի խօսք արտասանեց «Անահիտ» մասնաճիւղի Ատենապետուհի Տիկին Շաքէ Թոքաթլեան։ Ճաշկերոյթի ընթացքին Ֆերահեան վարժարանի 8-րդ կարգի աշակերտներ եւ ՀՕՄ-ի անդամուհիներ գեղարուեստական յայտագրով հանդէս եկան։ Յանուն Հոգաբարձութեան, Տիար Արա Փափազեան ողջունեց ներկաները եւ գնահատեց ՀՕՄ-ականներու ազգանուէր ծառայութիւնը։

Առաջնորդ Սրբազանը իր եզրափակիչ խօսքին մէջ նախ օրհնեց ու գնահատեց ՀՕՄ-ի նուիրեալ ծառաները։ Ան բոլորին ուշադրութեան յանձնեց այն իրողութիւնը, որ այս տարի Ս. Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հռչակած է «Յատուկ Խնամքի Կարօտ Հայորդիներու» տարի եւ յորդորեց բոլորին խնամք ցուցաբերելու պատրաստակամութիւն ունենալ, նիւթականի կողքին յատկապէս բարոյական եւ հոգեկան նեցուկ տալով, որ Մեծ Պահոց շրջանի մեր բարեխոհութեան, բարեսրտութեան ու բարեգործութեան հիմնական պայմաններէն մէկն է։ Եկեղեցւոյ մէջ իր խորհրդածութեան անդրադառնալով ու խորանալով, Առաջնորդ Սրբազանը ընդգծեց, որ երբ Յիսուս աղօթքի, պահեցողութեան եւ ողորմածութեան մասին ուսուցանեց, չըսաւ եթէ աղօթէք, եթէ պահք պահէք, եթէ ողորմածութիւն ընէք, այլ շեշտեց երբ աղօթէք, երբ պահք պահէք եւ երբ ողորմածութիւն ընէք։ Այս կը նշանակէ, որ մենք մշտապէս պարտինք աղօթել, պահեցողութիւն ընել եւ ողորմած ըլլալ՝ զերծ մնալով ուրիշին ուշադրութիւնը գրաւելու մարմաջէն։ Ան նաեւ շեշտեց, մեր կեանքի ընթացքին մշտապէս պահքի մթնոլորտի մէջ ըլլալ՝ մեզմէ հեռու վանելով չարախօսութիւնը, բամբասանքը եւ չար մրցակցութիւնը։ Հուսկ, մաղթեց, որ այս ճանապարհորդութիւնը մեզ դէպի բարին առաջնորդէ, իսկ Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնախմբութիւնը մեզի համար ըլլայ առիթ՝ չարին բարիով յաղթելու եւ ձերբազատուելու մեր մէջ արմատ դրած բոլոր մոլութիւններէն ու մեղքերէն։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022