Արեւագալի Առաջին Արարողութիւնը Էնսինոյ Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Մէջ

Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցին Կիրակի, 3 Մարտ 2019-ին նշեց Բուն Բարեկենդանը, որուն յաջորդ օրը սկսաւ Մեծ Պահոց քառասնօրեայ պահեցողութեան շրջանը։

Չորեքշաբթի, 6 Մարտին, մեր Թեմի եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցաւ Մեծ Պահքի շրջանի Արեւագալի առաջին արարողութիւնը։

Տարիներու բարի աւանդութեան համաձայն, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ առաջին Արեւագալի արարողութեան եւ ուղղեց իր պատգամը։ Արարողութեան ներկայ եղան եկեղեցւոյ ժողովականութեան, Տիկնանց Միութեան, ՀՕՄ-ի «Անահիտ» մասնաճիւղի անդամներ, Ազգ. Ֆերահեան Երկրդ. Վարժարանի 9-րդէն 11-րդ դասարաններու աշակերտները, ընկերակցութեամբ իրենց դաստիարակներուն։

Առաջնորդ Սրբազանը նախ կանգ առաւ Մեծ Պահքի խորհուրդին ու անկէ բխող պատգամներուն վրայ եւ հաւատացեալներուն ու մասնաւորաբար աշակերտներուն յորդոր ուղղեց Ս. Յարութեան տօնը կանխող՝ յառաջիկայ շաբաթները վերածելու սրտով, հոգուով ու մտքով վերանորոգուելու եւ մաքրուելու առիթի եւ Մեծ Պահոց շրջանը բոլորել սիրով, ներողամտութեամբ, բարեգործութեամբ, պահեցողութեամբ եւ մանաւանդ աղօթքով։ Ան անդրադարձաւ Ս. Օգոստինոսի մէկ խօսքին, որ կ’ըսէ. «Եթէ կ’ուզենք, որ մեր աղօթքները թռչին դէպի Աստուած, պէտք է երկու թեւեր տանք անոնց՝ պահեցողութիւն եւ բարեգործութիւն». Առաջնորդ Սրբազանը հաւատացեալները հրաւիրեց որ Ս. Հոգւոյ ապաւինելով այս սկզբունքը իրականացնեն իրենց կեանքին մէջ, ըլլալով բարեսիրտ, ողորմած եւ ազնիւ, որպէսզի Առաքեալ բառերով վայելեն Ս. Հոգւոյ պտուղները.- «Ս. Հոգիին արդիւնքներն են սէր, ուրախութիւն, խաղաղութիւն, համբերատարութիւն, ազնուութիւն, բարութիւն, հաւատարմութիւն, հեզութիւն եւ ժուժկալութիւն» (Գաղ. 5.22-23)։ Այս մօտեցումով պէտք է վերանորոգուիլ ու մաքրագործուիլ հոգուով ու միտքով, որպէսզի պատրաստ ըլլանք հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնին։

ՀՕՄ-Ի «ԱՆԱՀԻՏ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ

Եկեղեցական արարողութենէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանը նախագահեց ՀՕՄ-ի «Անահիտ» մասնաճիւղի կազմակերպած աւանդական Մեծ Պահոց ճաշկերոյթին։

Առաջնորդ Սրբազանն ու Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան կատարեցին սեղաններու օրհնութիւնը։ Ողջոյնի խօսք արտասանեց «Անահիտ» մասնաճիւղի ատենապետուհին՝ Տիկին Շաքէ Թոքաթլեան։ Դասախօսեց Տիկին Վարդուկ Թաշճեան, նիւթ ունենալով «ինչպէս կանխարգիլել անկումը»։ Ազգ. Ֆերահեան վարժարանի 7-րդ կարգի աշակերտները ներկայացուցին արտասանութիւններով ու երգերով կազմուած յայտագիր մը։ Մեներգեց Տիկին Սոնա Թիթիզեան եւ ասմունքեց Տիկ. Վարդուկ Թաշճեան։

Օրհնութեան եւ գնահատանքի իր խօսքին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը ի մտի ունեցաւ դասախօսին ընտրած նիւթը, նշելով, որ մարդիկ, ֆիզիքական անկումէ խուսափելու կողքին, պէտք է հոգածու ըլլան իրենց բարոյականին ու հոգեկանին, որպէսզի հոն եւս անկումներ չարձանագրուին։ Ան յիշեցուց նշանաւոր խօսքը, թէ՝ նախազգուշութիւնը հազար տեսակի դեղերէ նախընտրելի է, եւ ընդգծեց, որ Մեծ Պահքի շրջանը հաւատացեալին համար ինքնամաքրութեան ու հոգեկան վերանորոգութեան շրջան է, կը թելադրէ ֆիզիքական պահեցողութեան կողքին, հեռու մնալ բամբասանքէ, ատելութենէ, բարկութենէ եւ հոգին պղտորող այլ ունակութիւններէ, որպէսզի մարմնով, մտքով, սրտով եւ հոգուով մաքրուելով, պատրաստ ըլլայ դիմաւորելու Ս. Յարութեան հրաշափառ տօնը։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022