Տեառնընդառաջի եւ Առաջին Արեւագալի Արարողութիւններ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Մէջ

Չորեքշաբթի, 14 Փետրուար 2018-ը Տեառնընդառաջի տօնն էր, որ այս տարի կը զուգադիպէր Ս. Յարութեան տօնը կանխող՝ քառասնօրեայ ծոմապահութեան շրջանի առաջին Արեւագալին։ Մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցան օրուան յատուկ Առաւօտեան ժամերգութիւն ու Արեւագալի արարողութիւն։

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, ըստ տարիներու բարի աւանդութեան, նախագահեց Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ արարողութեանց, որուն ներկայ էին Ազգ. Ֆերահեան Երկրդ. վարժարանի 10-րդ եւ 11-րդ դասարաններու աշակերտները, ընկերակցութեամբ վարժարանի տնօրէնուհի Տիկին Սօսի Շանլեանի եւ դաստիարակներու։

Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամին մէջ հանգամանօրէն բացատրեց Տեառնընդառաջին ու Արեւագալին այս տարուան զուգադիպութիւնը եւ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ շարժական ու անշարժ, ինչպէս նաեւ Տէրունի տօներուն նախապատիւ յարաբերակցութիւնը, ապա նաեւ՝ երկու տօներէն բխած անժամանցելի պատգամները։ Ան ընդգծեց, որ Յիսուս Քրիստոս աշխարհ եկաւ մարդկութեան համար իբրեւ աստուածային սիրոյ գերագոյն արտայայտութիւն ու Փրկիչ, Ան ծնաւ իբրեւ կատարեալ մարդ, յարգեց օրէնքներն ու աւանդութիւնները, ուստի մենք ալ, իբրեւ մարդ արարածներ, պէտք է յարգենք եւ գործադրենք օրէնքները։ Յովսէփ եւ Մարիամ Աստուածածին, իբրեւ հաւատացեալ ու աւանդապահ ծնողներ, քառասնօրեայ Յիսուս Մանուկը Տաճար տարին Աստուծոյ ընծայելու, հոն դիմաւորուեցան Ս. Հոգիէն առաջնորդուած եւ Փրկչին տեսութեան սպասող Սիմէոն Ծերունիին կողմէ, որուն խոստացուած էր աշխարհի Փրկիչը տեսնել եւ այնուհետեւ աչքերը փակել, «ուստի, այս ընծայման տօնին, մենք ալ իբրեւ Աստուծոյ սիրոյ արտայայտութիւնը, պէտք է Աստուծոյ, եկեղեցւոյ եւ մեր ընտանիքներուն նուիրուինք, մեր հաւատքին հաւատարիմ մնանք, խոնարհութեամբ ծառայենք եւ մեր նմանները յարգենք», ընդգծեց Առաջնորդ Սրբազանը։

Առաջնորդ Սրբազանը իր խօսքին մէջ ակնարկեց, որ Փետրուար 14-ը արեւմտեան աշխարհին մէջ Ս. Վալընթայնի տօնն է, քրիստոնէական սիրով տոգորուած սուրբի մը յիշատակը, որ ապրած եւ նահատակուած է երրորդ դարուն։ «Ճշմարիտ սէրը Աստուծոյ խօսքին մէջ կը կայանայ։ Այն սէրը որ ունինք Աստուծոյ հանդէպ՝ պէտք է մեզ աւելի մօտեցնէ Իրեն եւ մեզ միացնէ։ Պէտք է մեր անձերը ընծայենք Աստուծոյ, այնպէս ինչպէս Յիսուս ընծայուեցաւ եւ Ինքզինք զոհեց մեզի համար», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը Ան յատուկ կարեւորութեամբ կանգ առաւ սիրոյ մասին Առաքեալի խօսքերուն վրայ, շեշտելով, որ առանց սիրոյ, մարդս ոչինչ է, հետեւաբար՝ աշակերտներն ու հաւատացեալները յորդորեց սիրով կատարել ամէն բան, սիրել ընկերները, ուսուցիչները, ծնողները, չմոռնալ, որ Յիսուս գերագոյն զոհողութիւնը յանձն առաւ, որովհետեւ Աստուած կը սիրէ մարդը եւ իր Միածինը զոհաբերեց մեր մեղքերուն քաւութեան համար։ Այս շրջանը քրիստոնեային ուղղուած հրաւէր է բարի գործեր կատարելու, լաւապէս ըմբռնելու Աստուծոյ սէրն ու պատգամները։

Խօսելով Մեծ Պահոց քառասնօրեայ շրջանին մասին, Առաջնորդ Սրբազանը ընդգծեց, որ այս շրջանը ամէն բանէ աւելի հաւատացեալին առիթ կ’ընծայէ պատրաստուելու Ս. Յարութեան տօնին՝ մահուան վրայ Աստուածորդւոյն յաղթանակի յիշատակին, հետեւաբար, հաւատացեալներ կոչուած են հոգեպէս ու մարմնապէս պատրաստուելու այս մեծ տօնին, պահեցողութեամբ, հնազանդութեամբ, օրինապահութեամբ, հոգեպէս ու մարմնապէս մաքուր դառնալով եւ փոխադարձ սիրով ապրելու աստուածահաճոյ կեանք մը։

Առաջնորդ Սրբազանը թելադրեց, որ աշակերտները այս տօներէն բխած պատգամներուն մասին խորհրդածեն, Քրիստոսի սիրով նուիրուին իրենց ընտանիքներուն, եկեղեցւոյ, դպրոցին ու ազգին, հասկնալ թէ ինչ կը նշանակէ
անանձնական սէր, ըմբռնել մեզի հանդէպ Աստուծոյ սիրոյն եւ զոհողութեան տարողութիւնը, որպէսզի իբրեւ քրիստոնեաներ՝ արժանի ըլլան մօտենալու Աստուծոյ ու պատրաստ ըլլալու Ս. Յարութեան մեծ տօնին։

ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ
Եկեղեցական արարողութենէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանն ու ներկայ հաւատացեալները անցան «Տիգրանեան» սրահ, ուր ՀՕՄ-ի «Անահիտ» մասնաճիւղը կազմակերպած էր աւանդական Մեծ Պահոց յատուկ ճաշի հիւրասիրութիւն։

Առաջնորդ Սրբազանն ու Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան կատարեցին սեղաններու օրհնութիւնը։ Ողջոյնի խօսք արտասանեց «Անահիտ» մասնաճիւղի ատենապետուհի Տիկին Անգինէ Յակոբեան, որմէ ետք Ազգ. Ֆերահեան վարժարանի տնօրէնուհին՝ Տիկին Սօսի Շանլեանը խօսեցաւ դպրոցի յարկին տակ տարուող աշխատանքներուն մասին։ Առաջնորդ Սրբազանը գնահատանքով արտայայտուեցաւ ՀՕՄ-ի եւ մասնաւորաբար «Անահիտ» մասնաճիւղի ազգանուէր աշխատանքներուն մասին, վեր առնելով ազգային ու եկեղեցական աւանդութեանց հաւատարմութիւնը, որուն գործնական արտայայտութիւնն է առաջին Արեւագալի օրուան այս ճաշի պահը։

Ճաշկերոյթի ընթացքին, Ֆերահեան վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ եւ «Անահիտ» մասնաճիւղի անդամուհիներ երգերով ու արտասանութիւններով ներկայացուցին գեղարուեստական յայտագիր մը։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022