Կիրակի, 7 Հոկտեմբեր, 2012-ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Ս. եւ Անմահ Պատարագին հանդիսապետեց եւ իր պատգամը փոխանցեց Թեմիս Բարեխնամ Առանջորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, օրուան ճաշու գրքէն՝ Պօղոս Առաքեալի կողմէ կորնթացիներուն գրուած երկրորդ նամակի 13-րդ գլուխի 5-րդ համարէն քաղած էր բնաբանը, ուր առաքեալը կþըսէ.- »Քննեցէ՛ք դուք ձեզ, տեսնելու համար թէ նոյն հաւատքին մէջ կը մնա՞ք։ Փորձեցէ՛ք դուք ձեզ. Քրիստոսի ներկայութիւնը կը զգա՞ք ձեր ներսիդին, թէ պարզապէս իր անունը կը կրէք«։
Սրբազան Հայրը, բացատրելէ ետք թէ այս նամակը ինչո՞ւ եւ ի՞նչ նպատակով գրուած է, հրաւիրեց հաւատացեալները ինքնաքննութեան եւ ինքնագիտակցութեան, եւ համապատասխան վարքով ապրելու Քրիստոսի ուսուցմունքնեով առաջնորդուած, զգուշանալով ամէն կողմէ սխալ հրամցուած ուսուցմունքներէն։ Առաջնորդ Սրբազանը յորդորեց ապրիլ մեր հայրերու այն հաւատքով, որոնք լուսաւորուեցան Քրիստոսի լոյսով, զոր առաքեալները բերին Հայաստան աշխարհ։
ԴՐՕՇԱԿՆԵՐՈՒ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ
Պատարագի աւարտին, եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ, տեղի ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Քալիֆորնիոյ եւ Հայաստանի դրօշակներու օրհնութիւնը եւ բարձրացումը նորահաստատ ձողերուն վրայ։
Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. Աթմաճեան հակիրճ ձեւով բացատրեց թէ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կանգնած դրօշակի ձողերը իրականացան եկեղեցւոյս բարերարներէն՝ Տէր եւ Տիկ Յովիկ եւ Սեդա Աղայեաններու նուրիատուութեամբ, ի յիշատակ իրենց ծնողաց՝ Եսայի եւ Պալիկ Աղայեաններու։
Առաջնորդ Սրբազանը յատուկ արարողութեամբ մը օրհնեց դրօշակները, որմէ ետք Հ.Մ.Ը.Մ.ի »Արարատ« Մասնաճիւղի սկաուտները զանոնք բարձրացուցին զետեղուած ձողերուն վրայ։
Ամերիկեան եւ հայկական քայլերգները երգեցին եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտ-աշակերտուհիները։ Շնորհակալութեան խօսք արտասանեց եկեղեցւոյս հոգաբարձութեան ատենապետ Տիար Զարեհ Մարգարեան, ապա երգուեցաւ »Հայր Մեր«ը, կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտներու կողմէ։ Արարողութեան ներկայ էին բարերարներ Տէր եւ Տիկին Յովիկ եւ Սեդա Աղայեան, անոնց ընտանեկան հարազատները, Ազգ. Վարչութեան ատենապետուհի Տիկ. Ռիմա Պօղոսեան, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւները, հոգաբարձութիւնը, Տիկնանց Միութիւնը եւ յարակից մարմինները, ու հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը։
Արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ, Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնութեան խօսքով։ Առաջնորդ Սրբազանը բարձր գնահատեց բոլոր բարերարները, յատկապէս Աղայեան եւ Գալստեան ընտանիքները, որոնց այս նուիրաբերումը նոր օղակ մը կը կազմէ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ու Ազգային Առաջնորդարանին անոնց կատարած նուիրատուութեանց գեղեցիկ շղթային վրայ։ Ան նշեց, որ նորակառոյց ձողերը պիտի ըլլան յուշարար մը՝ այս օրինակելի նուիրաբերումին։
Առաջնորդ Սրբազանին »Պահպանիչ«էն ետք, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյս Տիկնանց Միութեան։