Աւագ Երեքշաբթի Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցէին Ներս


ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՇՆՈՐՀՔՈՎ ՁԵՐ ԼԱՊՏԵՐՆԵՐԸ ԹՈՂ ՓԱՅԼԻՆ

ՅՈՐԴՈՐԵՑ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ

Աւագ Երեքշաբթի, 15 Ապրիլի երեկոյեան, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ հանդիսապետեց Տասը Կուսանաց յիշատակի արարողութեան եւ այս առիթով իր պատգամը ուղղեց հաւատացեալներուն։ Արարողութեան մասնակցեցան Կիրակնօրեայ Վարժարանի պարմանուհիներ, ներկայացնելով առակին մէջ յիշուած հինգ իմաստուն եւ հինգ յիմար կոյսերը։ Ներկայ էին նաեւ Հ.Մ.Ը.Մի սկաուտներ։

Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւներու, սարկաւագներու եւ դպիրներու սաղմոսներով եւ հոգեզմայլ շարականներու երգեցողութեամբ, արարողութիւնը հասաւ այն բաժնին երբ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ընթերցեց օրուան աւետարանը, քաղուած Մատթէոսի 24-րդ եւ 25-րդ գլուխներէն ուր նաեւ կը ներկայացուի Տասը Կուսանաց առակը:

Վիճակ ձգելով, պարմանուհիներէն հինգը իրենց ճրագները մարեցին, ի նշան այն կոյսերուն որոնք պատրաստ չէին երկնաւոր Փեսային հարսանիքին մասնակցելու եւ դուրս մնացին խնճոյքէն:

Աւետարանի ընթերցման աւարտին, Սրբազան Հայրը անգամ եւս վառել տուաւ մարած ճրագները, գնահատելով Կիրակնօրեայ Վարժարանի աշակերտները եւ յատկապէս արարողութեան մասնակցող տասը պարմանուհիները, նշելով որ իրենք Աստուծոյ իմաստուն կոյսերն էն։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր խօսքը շարունակելով մաղթեց ըսելով, “Ով Տէր, մեզի ալ արթնութեան շնորհքը տուր եւ մեր հոգիներուն լապտերները պայծառացուր”: Ան յայտնեց թէ օրուան խորհուրդը արտայայտող շարականի եւ Աւետարանի մէջ արձանագրուած Յիսուսի խօսքերը յստակօրէն կը թելադրեն մեզի բոլորիս միշտ պատրաստ ըլլալ Աստուծոյ կամքին հնազանդութեան, շեշտելով թէ Յիսուսի պատմած առակին խորհուրդը պէտք է մեզ սթափեցնէ պատրաստ ըլլալու Տիրոջ երկրորդ Գալստեան: “Տասը կոյսերու առակը տարուան բոլոր օրերու համար հրաւէր մըն է բոլորիս Աստուծոյ խօսքով արթուն մնալու, իմաստուն կոյսերուն նման պատրաստ ըլլալու, որ երբ Աստուծոյ ձայնը լսուի թէ փեսան կուգայ, մեր սրտերն ու հոգիները պատրաստ ըլլան հրաւէրին ընդառաջելու”, եզրափակեց Սրբազանը:

Ապա, Կիրակնօրեայ Վարժարանի աշակերտուհիները յորդորեց ըսելով՝ “Այսօր դուք կը ներկայացնէք մեզ բոլորս: Միշտ պատրաստ եղէք Աստուծոյ խօսքին ընդառաջելու, ձեր հնազանդութեամբ, հաւատքով եւ շնորհքով փայլելու եւ ձեր շրջապատը լուսաւորելու”:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022