Առաջնորդ Սրբազանը Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Մէջ Նախագահեց Վերջին Արեւագալին եւ Մեծ Պահքի Ճաշկերոյթին – Հայ Մամուլի Տարուան Առթիւ Դասախօսեց Յարութ Սասունեան

Չորեքշաբթի, 10 Ապրիլ 2019-ին, մեր Թեմի եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցաւ Մեծ Պահոց շրջանի Արեւագալի վերջին արարողութիւնը: Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան նախագահեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ Արեւագալի արարողութեան եւ փոխանցեց օրուան պատգամը։ Հաւատացեալներուն կողքին ներկայ էին Ազգ. Ֆերահեան վարժարանի տնօրէնուհին՝ Տիկին Սօսի Շանլեան, ուսուցիչներ եւ 10էն-12րդ կարգի աշակերտներ։

Առաջնորդ Սրբազանը իր հոգեւոր խորհրդածութեան մէջ յիշեցուց Մեծ Պահոց վերանորոգութեան եւ ինքնասրբագրութեան թելադրանքները յատկապէս աղօթքի, պահեցողութեան եւ բարեգործութեան մասին, որոնց առընթեր հիմնական են նկարագրային, յարաբերական եւ վարուելակերպի բարեփոխութիւններ ընել մեր շուրջիններուն հանդէպ։ Առաւել, ան շեշտեց, որ այս բոլորը միայն Մեծ Պահոց շրջանին չեն վերաբերիր, հարց տալով, թէ Մեծ Պահքէն ետք ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր ընթացքը։ Ան մաղթեց, որ Մեծ Պահոց խոստումներու յարատեւ գործադրութեան կեանք մը ունենանք ամբողջ տարուան ընթացքին։

Արարողութենէն ետք, «Տիգրանեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Տիկնանց Միութեան կազմակերպած Մեծ Պահոց աւանդական ճաշկերոյթը, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ «Հայ Մամուլի Տարուան» առթիւ դասախօսութիւն մը։

Սեղանի օրհնութենէն ետք, ողջոյնի խօսք արտասանեց Տիկնանց Միութեան ատենապետուհին՝ Տիկին Նէնսի Պետիրեան։ Տիար Կրէկ Մարթայեան Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի կողմէ շնորհաւորական գիր մը փոխանցեց Տիկնանց Միութեան: Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, որ տարիներու աւանդութեան համաձայն, այս տարի եւս, եղաւ ծխական այս համայնքին հետ ու գնահատեց Տիկնանց Միութեան անդամները, ապա ներկայացուց օրուան բանախօսը, ծանօթ մտաւորական եւ հասարակական գործիչ Տիար Յարութ Սասունեանը, որ հրաւիրուած էր «Հայ Մամուլի Տարուան» առիթով դասախօսելու։

Տիար Յարութ Սասունեանի ակադեմական կենսագրութիւնը ապացոյցն էր իր ունեցած մասնագիտական, հրապարակագրական եւ ազգային հասարակական գործիչի բազմամակարդակ գործունէութեան։ Տիար Յարութ Սասունեան անգլիատառ Քալիֆորնիա Քուրիյըր շաբաթաթերթին հրատարակիչն ու գլխաւոր խմբագիրն է, ինչպէս նաեւ հեղինակ շարք մը գիրքերու։ Իր երկարամեայ հայրենանուէր ծառայութիւններուն համար արժանացած է բազմաթիւ շքանշաններու։

Տիար Սասունեան խօսեցաւ մամուլի դիմագիծի անաղարտ պահպանման համար հետեւելու կարգ մը անգիր սկզբունքներու, ինչպէս՝ ճիշդ տուեալներու յիշատակում, զերծ մնալու ծանծաղումէ եւ աւելորդ պատումներէ։ Ապա, ան խօսեցաւ Քալիֆորնիա Քուրիյըրի մասին, ուր լոյս տեսած իր յօդուածները կը թարգմանուին տարբեր լեզուներու եւ կ՛արտատպուին զանազան թերթերու մէջ։

Առաջնորդ Սրբազանը օրհնութեան խօսքով գոհունակութիւն յայտնեց, որ ինչպէս առաջին Արեւագալին, նոյնպէս վերջին Արեւագալին գտնուած էր Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ ծխական ընտանիքին հետ։ Ան յատուկ կերպով գնահատեց Տիկնանց Միութիւնն ու ՀՕՄ-ի «Անահիտ» մասնաճիւղի անդամները, իրենց նուիրեալ ծառայութեանց համար, մաղթելով, որ Մեծ Պահոց մթնոլորտը մեր կեանքը բարեփոխէ որպէսզի ըլլանք Աստուծոյ տիպար եւ հաւատարիմ զաւակները, մեր հոգեւոր, եկեղեցական եւ ազգային կեանքէն ներս։ Ան յատուկ կերպով գնահատեց օրուան դասախօսը, իր երկարատեւ ծառայութեան, Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ Հայ Դատի աշխատանքներու մէջ բերած կարեւոր նպաստին համար։ Անդրադառնալով «Հայ Մամուլի Տարուան», ան վեր առաւ մամուլի դերակատարութեան կարեւորութիւնը, որ պէտք է ըլլայ ճի՛շդ եւ արդար իր առաքելութեան մէջ։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022