Առաջնորդ Սրբազանը Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Մէջ Նախագահեց Վերջին Արեւագալին եւ Պահքի Ճաշկերոյթին

Չորեքշաբթի, 21 Մարտ 2018-ին, Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցաւ Մեծ Պահոց շրջանի վերջին Արեւագալի արարողութիւնը։ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան նախագահեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Արեւագալի արարողութեան եւ փոխանցեց օրուան պատգամը՝ հաւատացեալներու եւ Ազգային Ֆերահեան վարժարանի երկրորդական բաժինի աշակերտներուն ներկայութեամբ։ Առաջնորդ Սրբազանին կողքին էին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան եւ սարկաւագները։

Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը կանգ առաւ Մեծ Պահքի խորհուրդին ու անկէ բխող թելադրանքներուն վրայ: Ան յիշեցուց, որ Արեւագալի առաջին ժամերգութեան առիթով ալ եղած էր այս եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն հետ եւ նշած՝ որ Մեծ Պահքի քառասնօրեայ շրջանը, պահեցողութեան կողքին, առիթ է ֆիզիքական, մտային ու հոգեկան կարգապահութիւնը վերատեսութեան ենթարկելու, իսկ այժմ, երբ կը գտնուինք Մեծ Պահքի գրեթէ աւարտին, պէտք է հարց տանք թէ 38 օրերու ընթացքին որքանո՞վ փորձեցինք մեր հոգիները զօրացնել եւ հաւատքը ամրապնդել, ի՞նչ չափով կրցանք Աստուծոյ պատուիրանները կիրարկել ու վերանորոգուիլ։ «Ուստի, Աւագ Շաբթուան նախասեմին, պէտք է վերստին քննենք մենք մեզ, Աստուծոյ դիմենք զղջումով, որպէսզի մաքուր սիրտով ու հոգիով դիմաւորենք Յիսուսի հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնը», եզրափակեց Առաջնորդ Սրբազանը:

ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ ԵՒ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ
Արարողութենէն ետք, Սրբազան Հայրը, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեանը, երեսփոխանական ժողովի եւ հոգաբարձութեան անդամներ ու հաւատացեալ ժողովուրդը ուղղուեցան «Տիգրանեան» սրահ, ուր Տիկնանց միութիւնը կազմակերպած էր Պահքի սիրոյ սեղան մը։ Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց սեղաններու օրհնութիւնը: Տիկնանց Միութեան անունով բարի գալուստի խօսք ուղղեց Տիկին Նէնսի Պետիրեան եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, նուիրատուներուն եւ ներկաներուն։

Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը ողջունեց ներկաները, գնահատեց Տիկնանց Միութեան անդամները, շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազանին, որ տարիներու աւանդութեան համաձայն, այս տարի եւս, առաջին եւ վերջին Արեւագալին եղաւ ծխական այս համայմքին հետ, եւ հրաւիրեց Ս. Նահատակաց-Մարի Գապայեան նախակրթարանի տնօրէնը՝ Տիար Ժան Գոսաքեանը, որպէսզի դասախօսէ Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին մասին: Տիար Գոսաքեան հակիրճ, սակայն բովանդակալից ձեւով անդրադարձաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան պատմական իրադարձութիւններուն եւ հայ ժողովուրդի յաղթական երթին: Ան ներկայացուց Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութիւնը կանխող ժամանակաշրջանը՝ Կիլիկիան Թագաւորութենէն մինչեւ Զարթօնքի շրջան, ազատագրական պայքարի տարիներ եւ ի վերջոյ Սարտարապատ, Բաշ Ապարան, Ղարաքիլիսա եւ Ջաւախքի ճակատամարտերը։ Ան նշեց, որ «թէեւ կարճ ժամանակաշրջանի մը համար ունեցանք անկախութիւն, սակայն այդ շրջանէն ունեցանք անջնջելի ժառանգութիւններ ու աւանդներ, աւելին՝ 1918-ի անկախութիւնը երաշխիքը եղաւ 1991-ի անկախութեան»։

Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը բարձր գնահատեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, Հոգաբարձութիւնը, Տիկնանց Միութիւնը, դասախօսն ու ներկաները։ Վեր առնելով Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի խորհուրդը՝ նշեց, որ «կ’ապրինք 100-ամեակի յոբելենական տարին. Ս. Յարութեան տօնի նախօրեակին, կը հաւատանք, որ այնպէս՝ ինչպէս Յիսուս Քրիստոս յարութիւն առաւ մեռելներէն եւ Իր յարութեամբ յաղթեց չարին, նոյնպէս ալ մեր նախահայրերը, իրենց արիւնը թափելով, նահատակուելով՝ մեր ազգին յարութիւն տուին Ցեղասպանութենէն ետք եւ 28 Մայիս 1918-ով մեզի պարգեւեցին ազատ, անկախ հայրենիք, ուստի պարտինք հաւատարիմ մնալ անոնց կտակին, գուրգուրալ մեր հայրենիքին, ազգութեան եւ ինքնութեան վրայ»։

Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ նշեց, որ գեղեցիկ զուգադիպութեամբ մը, նոյն օրը, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Վեհափառ Հայրապետը բացումը կատարած էր Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան յուշակոթողին, որ կազմուած է երեք ամրակուռ սիւներէ՝ խորհրդանշելով Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի միասնութիւնը, մարմնաւորելով դէպի երկինք, դէպի անմահութիւն ու դէպի յաղթանակ երթը։ Ան իր պատգամը եզրափակեց, շեշտելով, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը միշտ եւ ամէնուրեք տէր ու պաշտպան կանգնած է Եռագոյն դրօշին, զինանշանին ու ամբողջական Հայաստանի անկախութեան։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022

ԼՈՒՐԵՐՈՒ ԱՐԽԻՒ