Տարիներու աւանդութեան համաձայն, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ Մեծ Պահոց շրջանի վերջին Արեւագալի արարողութեան, որ տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 16 Մարտ 2016ին, եւ օրուան պատգամը փոխանցեց։ Արարողութեան ներկայ էին Ազգային Ֆերահեան Վարժարանի 9-րդ, 10-րդ եւ 11-րդ կարգի աշակերտներ։ Յայտնենք, որ Մեծ Պահոց շրջանին, Արեւագալի եւ Հսկումի ժամերգութիւններուն, Առաջնորդ Սրբազանը այցելեց Թեմիս եկեղեցիները եւ իր պատգամը փոխանցեց։
Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը աշակերտներուն բացատրեց Մեծ Պահքի նշանակութիւնն ու ստեղծած առիթները, որպէսզի քրիստոնեայ հաւատացեալը դիմէ ինքնաքննարկումի, վերանորոգութեան, սրտբաց ու անկեղծ աղօթքով դիմէ Աստուծոյ: Երբ մեր սիրտերը բանանք Աստուծոյ, զանոնք բանանք նաեւ մեզի նմաններուն համար, բարիք ընենք ուրիշներուն, մասնաւորաբար կարիքաւորներու: Իսկ հիմա, երբ Մեծ Պահքը կը մօտենայ աւարտին, պէտք է վերստին քննենք մենք մեզ, Աստուծոյ դիմենք զղջումով, որպէսզի մաքուր սիրտով ու հոգիով դիմաւորենք Յիսուսի հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնը, եզրափակեց Առաջնորդ Սրբազանը:
Արարողութենէն ետք Սրբազան Հայրը, Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան, Հոգաբարձուներ եւ հաւատացեալ ժողովուրդը միասնաբար ուղղուեցան «Տիգրանեան» սրահ, ըմբոշխնելու վերջին Արեւագալի աւանդական ճաշկերոյթը, պատրաստուած՝ եկեղեցւոյ Տիկնանց Օժանդակ Մարմինին կողմէ։
Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց սեղաններու օրհնութիւնը: Տիկնանց միութեան ատենապետուհի Տիկին Նէնսի Պետիրեան բարի գալուստի խօսք ուղղեց ներկաներուն, միաժամանակ շնորհակալութիւն յայտնելով Առաջնորդ Սրբազան Հօր հովանաւորութեան եւ օրուան նուիրատուներուն՝ Տէր եւ Տիկին Տիգրան եւ Հուրի Պէրպէրեան եւ Տէր եւ Տիկին Սիտնի եւ Բեկի Իսաղուլեան ամոլներուն։ Ան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին՝ Արժ. Տէր Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեանի, ինչպէս նաեւ Հոգաբարձութեան, որոնք բարձր կը գնահատեն Տիկնանցին աշխատանքը եւ միշտ աջակից են յաջողութեան։ Ան իր խօսքը եզրափակեց շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն։
Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան նկատել տուաւ, որ «սովորութիւն դարձած է սոյն ճաշկերոյթներուն ունենալ դասախօսութիւն. այս տարուան դասախօսութիւնը նուիրուած պիտի ըլլայ «Ծառայութեան Տարուան»։ Տէր Հայրը ներկայացուց օրուան դասախօսը՝ բազմավաստակ դաստիարակ եւ ծխական շրջանի Ազգային Երեսփոխան Պրն. Հայկազ Թրթռեանը։
Պրն. Հայկազ Թրթռեան հանգամանօրէն ներկայացուց ծառայութեան իմաստը, մանաւանդ եկեղեցական եւ ազգային կեանքին մէջ։
Դասախօսութեան աւարտին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատեց Պրն. Հայկազ Թրթռեանը՝ իր «պատգամ փոխանցող եւ ուղղութիւն տուող» դասախօսութեան համար։ Ան գնահատեց նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, հոգաբարձութիւնը, տիկնանց միութիւնը եւ ներկաները, կոչ ուղղելով, որ ծառայութեան այս տարուան ընթացքին, բոլորս միասնաբար գործենք անանձնական սիրով, խոնարհութեամբ եւ անկեղծ հոգիով, ծառայենք մեր եկեղեցւոյ ու ազգային հաստատութեանց՝ իբրեւ Աստուծոյ, մեր եկեղեցւոյ ու ազգի տիպար զաւակները: