ԱՐԵՒԱԳԱԼԻ ՎԵՐՋԻՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԵՑ Ս. ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ

40-օրեայ Մեծ Պահոց շրջանի Արեւագալի վերջին արարողութիւնը կատարուեցաւ Չորեքշաբթի, 28 Մարտին։

Առաջնորդ Սրբազանը հանդիսապետեց Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ Արեւագալի ժամերգութեան։ Ներկայ էին Ֆերահեան Ազգային վարժարանի աշակերտներ։

Առաջնորդ Սրբազանը աշակերտներուն եւ ներկայ հաւատացեալներուն փոխանցեց իր պատգամը։ Ան անգամ մը եւս շեշտեց Մեծ Պահքի խորհուրդը, եւ այնպէս՝ ինչպէս Արեւագալի առաջին արարողութեան պահուն հրաւէր ուղղած էր հաւատացեալներուն, որպէսզի այս խորհրդալից շրջանը հաւատքով ու ժուժկալութեան հոգիով անցնեն, նոյնպէս ալ մաղթեց, որ Ծաղկազարդն ու Աւագ Շաբաթը ապրին համապատասխան հաւատքով ու հասնին Ս. Յարութեան պատգամը ապրելու։

Արարողութենէն ետք, »Տիգրանեան« սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշի աւանդական հանդիպումը, կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան, նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազանին։ Հիւրընկալներն էին Տիկին Աշխէն Պահարեան եւ Տէր եւ Տիկին Տիգրան եւ Հուրի Պէրպէրեան։

Սեղաններու օրհնութենէն ետք, ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Ռազմիկ Քհնյ. Խաչատուրեան, եւ Տիկնանց Միութեան ատենապետուհին՝ Տիկին Մելինէ Աշըգեան։ Ազգ. Ֆերահեան վարժարանի աշակերտներէն Լիա Քէշիշեան գեղարուեստական յայտագիրին մասնակցեցաւ արտասանութեամբ մը, ձօնուած՝ Հայերէնին։

Իբրեւ բանախօս հրաւիրուած էր վարժարանի ուսուցիչներէն Տիար Արա Գազանճեան. նկատի ունենալով, որ 2012 տարին ձօնուած է Հայ Գիրքին, ան վեր առաւ Հայ Գիրքին տեղն ու դերը՝ մեր պատմութեան ու այսօրուան կեանքին մէջ։

Եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Առաջնորդ Սրբազանը։ Ան դրուատիքով խօսեցաւ հանդիպումի կազմակերպիչներուն ու մասնակցիներուն մասին, նկատել տուաւ, որ օրը սկսած էր Արեւագալի հոգեպարար արարողութեամբ, որ սնունդ բերաւ հոգիներուն, ճաշի հանդիպումը սնուցանեց մարմինը, իսկ բանախօսութիւնը սնունդ մատակարարեց միտքերուն։ Ան յորդորեց հաւասարակշռութիւն պահելու մարմինին, միտքին ու հոգիին պահանջներու մատակարարման մէջ, իսկ Հայ Գիրքի արժէքին մասին խօսելով՝ շեշտեց, որ գիրքը միայն թուղթ ու մելան չէ, այլ անիկա հայկականութիւն է՝ ոգի, հաւատք եւ ինքնութիւն։

Ձեռնարկը վերջ գտաւ աղօթքով ու Առաջնորդ Սրբազանին օրհնութեամբ։

 

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022