Առաջնորդ Սրբազանը Հանդիսապետեց Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Միջինքի Արեւագալի Արարողութեան


Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Չորեքշաբթի, 11 Մարտ 2015ին եղաւ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի ծխական համայնքին հետ. առաւօտուն, Առաջնորդ Սրբազանը նախագահեց Արեւագալի արարողութեան, որ կը զուգադիպէր Մեծ Պահոց Միջինքին, ապա նաեւ նախագահեց եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան կողմէ կազմակերպուած ճաշի հանդիպումին:

Առաջնորդ Սրբազանին աղօթակից էին եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչն ու հովիւը՝ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան եւ Արժ. Տ. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեան, Ազգային Առաջնորդարանի եւ Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի անդամներ, Ազգ. Մեսրոպեան Վարժարանի տնօրէնն ու երկրորդականի աշակերտներ, եկեղեցւոյ ժողովականութեան անդամներ եւ հաւատացեալներ:

Արեւագալի արարողութեան պահուն պատգամ մը ուղղելով, Առաջնորդ Սրբազանը կանգ առաւ Մեծ Պահոց Միջինքի իմաստին ու խորհուրդին վրայ: Իբրեւ բնաբան՝ ընտրած էր Եփեսացիներուն ուղղուած Պօղոս Առաքեալի նամակին 4րդ գլուխի 23րդ եւ 24րդ համարները, որ կը պատգամէ վերանորոգուիլ սրտով ու հոգիով, դառնալ նոր մարդ, որ Աստուծոյ պատկերին պէս արդարութեամբ եւ սրբութեամբ ստեղծուած է, ուստի ստութիւնը մէկդի ձգելով, ճշմարտութիւնը խօսիլ, ապրիլ ճշմարիտ կեանք՝ արդարութեամբ եւ սրբութեամբ: Ան կոչ ըրաւ ներքնապէս մաքրուելու եւ յիշեցուց Սաղմոսերգուին “Ուստի ներումիդ ցօղով սրբէ զիս, եւ պիտի մաքրուիմ,՝ լուա զիս, եւ ձիւնէն աւելի մաքուր պիտի ըլլամ” խօսքը։

Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ Միջինքին, հաւատացեալը Մեծ Պահոց քառասնօրեայ ծոմապահութեան շրջանին կէսը բոլորած կ’ըլլայ. Մեծ Պահքի շրջանը հոգեպէս ու ֆիզիքապէս ինքնաքննարկումի ու վերանորոգումի շրջան է, որպէսզի պատրաստ ըլլանք Ս. Յարութեան յաղթանակի տօնին: Միջինքը առիթ է, որ պահեցող հաւատացեալը քննարկէ անցեալ շաբաթներու իր կենցաղը եւ տեսնէ, թէ ո՞ւր կը կանգնի այս հանգրուանին, որպէսզի երկրորդ շրջանը իրականացնէ աւելի խոր հաւատարմութեամբ, վերանորոգուի հոգիով ու ապրի արդարութեամբ, արժանի ըլլալու համար Տիրոջ ներումին: Խօսքը ներկայ աշակերտներուն ուղղելով, Առաջնորդ Սրբազանը յայտնեց, թէ անոնք հաւանաբար տարբեր ձեւերով կը հետեւին պահեցողութեան, սակայն պէտք է գիտնալ, որ հոգեկան պահեցողութիւնը կենսական նշանակութիւն ունի հոգեկան վերանորոգման համար։

ՃԱՇԻ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՈՒԹԻՒՆ Արարողութենէն ետք, եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութիւնը կազմակերպած էր Պահքի ճաշերով ընդունելութիւն մը: Ներկայ էին, վերոյիշեալ ներկայացուցիչներուն կողքին, Մոնթեպելլոյի քաղաքապետ Տիար Ճէք Հաճինեան, հոգաբարձութեան անդամներ եւ աշակերտները:

Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտները պատրաստած էին գեղարուեստական յայտագիր մը. անոնք իրենց երգերով ճոխացուցին մթնոլորտը:

Առաջնորդ Սրբազանը գնահատեց Տիկնանց Միութիւնը ու աշակերտները, անդրադարձաւ Միջինքի խորհուրդին եւ Մեծ Պահոց շրջանին հաւատացեալ քրիստոնեայի պարտականութիւններուն, վերջապէս՝ մաղթեց, որ յառաջիկայ շաբաթները ըլլան Ս. Յարութեան տօնին հոգեպէս պատրաստութեան շրջան մը:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022