Միջինքին Առաջնորդ Սրբազանը Նախագահեզ Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Արեւագալի Արարողութեան եւ Ազգ. Շամլեան Վարժարանի Ճաշկերոյթին

Չորեքշաբթի, 27 Մարտ 2019-ին, Միջինքին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան նախագահեց Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ Արեւագալի ժամերգութեան եւ ուղղեց իր պատգամը։ Հաւատացեալներուն կողքին Ներկայ էին Ազգային Լեւոն եւ Յասմիկ Թաւլեան մանկամսուր-մանկապարտէզի աշակերտները, որոնք «Հայր մեր»ը երգեցին ընկերակցութեամբ իրենց դաստիարակներուն եւ ծնողներուն։

Առաջնորդ Սրբազանը փոքրիկներուն հետ զրոյց ունենալով, ի պատասխան իրենց հարցումներուն բացատրութիւն տուաւ զատկուան տօնին եւ հաւկիթներ գունաւորելու իմաստին մասին։ Տեսնելով աշակերտներուն խանդավառութիւնը, խրախուսեց զիրենք որ ուշիմ աշակերտներ ըլլալով բարի վարք ունենան եւ աւելի ուրախութեամբ տօնեն Զատիկը, որովհետեւ այդ տօնը իրենց պէս բարիներուն եւ Աստուծոյ սիրելի զաւակներուն յաղթական տօնն է։

Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամին մէջ նշեց, որ Միջինքը լաւագոյն առիթ է ինքնաքննումի, տեսնելու համար եթէ պահեցողութեան սկիզբէն մեր տուած խոստումներուն մէջ հաւատարիմ եղած ենք եւ շարունակելու մեր հոգեւոր ճանապարհորդութիւնը հաւատքով Աստուծոյ զօրութեան եւ գթառատութեան ապաւինելով եւ զիրար քաջալերելով ու գօտեպնդելով, որ մեր ներքին տկարութիւններուն յաղթահարելով սնանինք կենաց հացով՝ Աստուծոյ խօսքին սնունդով։ Ան մաղթեց, որ Մեծ Պահոց երկրորդ շրջանին շարունակենք մեր բարեպաշտութիւնը ցուցաբերել բարին խօսելով, բարին խորհելով եւ բարիք գործելով, եւ Աստուծոյ նմանելու ճիգին մէջ զիրար գերազանցենք, որպէսզի յաղթական ոգիով եւ լուսաւոր հաւատքով հասնինք մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Ս. Յարութեան տօնին։

ՄԻՋԻՆՔԻ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹԸ

Կէսօրին, Առաջնորդ Սրբազանը ներկայ եղաւ Ազգ. Վ. եւ Ա. Շամլեան վարժարանի կազմակերպած Միջինքի աւանդական ճաշկերոյթին, որ տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի «Քարուսէլ» ճաշարանին մէջ։ Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանար Արժ. Տ. Վազգէն Աւ. Քհնյ. Աթմաճեան։

Ողջոյնի խօսք արտասանեց Տիկին Վանա Պոյաճեան, որ կանգ առաւ Միջինքի իմաստին վրայ։ Շնորհակալութեան եւ ողջոյնի խօսք արտասանեց նաեւ տնօրէնուհին՝ Դոկտ. Թալին Քարկոտորեան, որ երախտագիտութիւն արտայայտեց Առաջնորդ Սրբազանին հետեւողական քաջալերանքին եւ վարժարանին նեցուկ կանգնողներուն։

Առաջնորդ Սրբազանը եզրափակիչ խօսքին մէջ ողջունեց ներկաները, յատկապէս վարժարանին ծնողները, որոնք զօրակից են վարժարանի այս ու նմանօրինակ աշխատանքներուն։ Ան նշեց, որ Միջինքը յուշարար է որ քննենք մեր ներաշխարհը, թէ որքան հաւատարիմ մնացած ենք մեր խոստումին մէջ։ Առաւել, այս շրջանը լաւագոյն աոիթ է վերանորոգելու մեր հաւատքն ու հաւատարմութիւնը եւ Քրիստոսի պատգամները իրագործելու մեր կեանքին մէջ, հեռու մնալով չարէն, կեղծիքէն, սուտէն, նախանձէն, ատելութենէն ու նմանօրինակ վատ խորհուրդներէն, որպէսզի նոր թափով եւ աստուածահաճոյ ընթացքով կերտենք մեր կեանքը եւ պատրաստ ըլլանք դիմաւորելու Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութիւնը, որ մեզ բոլորս կը վերանորոգէ։

Ձեռնարկը շարունակուեցաւ գեղարուեստական յայտագիրով։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022