Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Երեքշաբթի, 12 Ապրիլ 2016ին, այցելեց Կլենտէյլի «Պրէնտ» գրադարանը եւ արուեստի կեդրոնը, հետեւելու համար այն աշխատանքներուն, որոնք կը կատարուին առ ի պատրաստութիւն «Հայաստան. Բաց Վէրք Մը» խորագրեալ ցուցահանդէսին, որ պաշտօնապէս պիտի բացուի Շաբաթ, 16 Ապրիլին (ժամը 1էն 4): Առաջնորդ Սրբազանը ներկայ պիտի ըլլայ բացման արարողութեան:
Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանար Արժ. Տ. Կոմիտաս Քհնյ. Թորոսեան: Ցուցահանդէսը կազմակերպուած է Կլենտէյլի գրադարանի, արուեստներու եւ մշակոյթի բաժանմունքին կողմէ, գործակցութեամբ Հայ-Ամերիկեան Թանգարանին եւ Մեքսիքայի մայրաքաղաքի «Յիշողութիւն եւ Հանդուրժողութիւն» թանգարանին: Առաջնորդ Սրբազանը, որ համա-ատենապետն է Հայ-Ամերիկեան Թանգարանին, ցուցասրահի մուտքին դիմաւորուեցաւ թանգարանի վարչութեան ատենապետ Տիար Պերճ Կարապետեանի եւ անդամներու կողմէ, որոնք բացատրութիւններ տուին ցուցահանդէսի պատրաստութեան վերջին փուլի աշխատանքներուն մասին:
Առաջնորդ Սրբազանը գնահատեց ցուցահանդէսի նախապատրաստական աշխատանքները տանողները եւ օրհնեց անոնց ծառայութիւնը: Յիշեցնենք, որ ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ 11 Յունիս. այս շրջանին, շաբաթական հերթականութեամբ պիտի կազմակերպուին նաեւ զուգահեռ յայտագիրներ: Առաջնորդ Սրբազանը գնահատանքով արտայայտուեցաւ այս աշխատանքին մասին եւ կոչ ուղղեց, որ մեր ժողովուրդի զաւակները այցելեն ցուցահանդէսին եւ ներկայ ըլլան յիշեալ ձեռնարկներուն: