Առաջնորդ Սրբազանը Կ’ողջունէ Ցեղասպանութեան Ճանաչման Մասին Գերմանիոյ Խորհրդարանին Որոշումը


Ցեղասպանութեան մասին Գերմանիոյ խորհրդարանին որդեգրած պատմական բանաձեւէն ետք, Հինգշաբթի, 2 Յունիս 2016ին, Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս նամակ մը յղած է Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլի, ողջունելով պատմական նշանակութիւն ունեցող քաջ քայլը, զայն նկատելով «Պերճախօս վկայութիւն մը մարդկային իրաւանց նկատմամբ Գերմանիոյ յանձնառութեան, ինչպէս նաեւ աշխարհին ուղղուած պատգամ մը՝ անցեալին պատասխանատու կերպով մօտենալու կարեւորութիւնը յիշեցնող»։

Նոյն օրը, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան նամակ մը յղեց Լոս Անճելըսի մէջ Գերմանիոյ գլխաւոր հիւպատոս Հանզ Եօրկ Նիւմընի, Արեւմտեան մեր Թեմի երախտագիտութիւնը արտայայտելու համար Գերմանիոյ խորհրդարանի քաջ ու արդար որոշումին համար, նշելով, որ որդեգրուած բանաձեւը ոչ միայն կը ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը, այլ նաեւ կը հաստատէ այդ օրերու Գերմանիոյ կառավարութեան ձեռնածալ կեցուածքէն բխած պատասխանատուութիւնը:

«Խորապէս գոհունակ ենք ու տպաւորուած, որ այս բանաձեւը որդեգրուած է գրեթէ միաձայնութեամբ, մանաւանդ ի մտի ունենալով Թուրքիոյ իշխանութիւններուն ի յայտ բերած բուռն հակազդեցութիւնները՝ որոշումին նախօրեակէն ի վեր: Սա յաղթանակ մըն է ոչ միայն հայութեան, այլ ցեղասպանական արարքներու զոհ գացած բոլոր ժողովուրդներուն համար: Որոշումը նաեւ յստակ պատգամ մը կ’ուղղէ ամբողջ աշխարհին, թէ անցեալը չի մոռցուիր, արդարութիւնը չի կրնար ընդմիշտ անտեսուիլ, որքան ալ որ ժամանակ անցնի անարդարութեան վրայէն», գրած է Առաջնորդ Սրբազանը, յոյս յայտնելով, որ այս քայլը քաջալեր հանդիսանայ այլ պետութեանց, որպէսզի անսան արդարութեան ձայնին:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022