Առաջնորդ Սրբազանը Ցաւակցագիր մը Յղեց Լոս Անճելըսի Մէջ Ֆրանսայի Գլխաւոր Հիւպատոսին


Ի լուր Ֆրանսայի հարաւային Նիս քաղաքին մէջ Հինգշաբթի, 14 Յուլիս 2016ին տեղի ունեցած ահաբեկչական ահաւոր արարքին, որուն զոհ գացին 84 անմեղներ ու արձանագրուեցան հարիւրաւոր վիրաւորներ, որոնց շարքին՝ կիներ ու մանուկներ, Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս նոյն օրը ցաւակցական գիր մը յղեց Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի եւ խստիւ դատապարտեց ոճրային ահաբեկչութիւնը, նշելով, որ նման արարքներու հեղինակները ո՛չ կրօն, ո՛չ ազգութիւն եւ ոչ ալ սահման կը ճանչնան, «հետեւաբար, կրօններ, ազգեր ու պետութիւններ կոչուած են միասնաբար արմատախիլ ընելու զայն մարդկային ընկերութենէն»:

Ուրբաթ, 15 Յուլիսին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան եւս ցաւակցագիր մը յղեց Լոս Անճելըսի մէջ Ֆրանսայի գլխաւոր հիւպատոս՝ Քրիսթոֆ Լըմուանի, արտայայտելով Արեւմտեան մեր Թեմի մեծ ընտանիքին խոր վշտակցութիւնը՝ զոհերուն ու վիրաւորներուն համար: «Վերջին տարիները բոլորս դրած են մարտահրաւէրի մը դէմ յանդիման, երբ ականատես կ’ըլլանք ահաբեկչական ալիքներու բարձրացման ու յարձակումներու սաստկացման: Մասնաւորաբար ձեր երկիրն ու ժողովուրդը դժուարին պահեր կ’ապրին, նկատի ունենալով, որ վերջին ամիսներուն սա երրորդ անգամն է որ ոճրագործ ահաբեկիչներ կը հարուածեն Ֆրանսան: Այսօր եւ միշտ զօրակից ենք Ֆրանսայի մեր բարեկամ ժողովուրդին, կ’աղօթենք, որ խաղաղասէր ժողովուրդներու ճիգերուն միացումով՝ արդարութիւնն ու խաղաղութիւնը դառնան տիրական», նշեց Առաջնորդ Սրբազանը:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022