Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ եւ Մատաղօրհնէք Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնին Առթիւ

Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցին Շաբաթ, 27 Յունուար 2018-ին պիտի նշէ Ս. Սարգիս Զօրավարին եւ որդւոյն՝ Մարտիրոսին ու 14 զինակիցներուն տօնը, որ նաեւ անուանակոչութեան տօնն է Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ։

Այս առթիւ, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Կիրակի, 28 Յունուարին, Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ, սուրբին վարքն ու մարտիրոսութիւնը վեր առնող պատգամ մը պիտի ուղղէ եւ մատաղի օրհնութիւն պիտի կատարէ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ:

Ս. Պատարագի աւարտին, հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի եկեղեցւոյ անդրանիկ Հոգեւոր Հովիւին՝ Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Անդրէասեանի, հանգուցեալ հոգաբարձուներու, երեսփոխաններու, Տիկնանց Միութեան անդամուհիներու եւ եկեղեցւոյ սպասարկողներու հոգիներուն համար։

Նախորդ օրը, Շաբաթ, երեկոյեան ժամը 7-ին, տեղի պիտի ունենայ երեկոյեան ժամերգութիւն եւ նախատօնակ։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022