Ս. Յարութեան Տօնին Առաջնորդ Սրբազանը Պիտի Պատարագէ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ

Կիրակի, 1 Ապրիլ 2018-ին, մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Ս. Յարութեան Հրաշափառ տօնին առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ եւ Ս. Զատկուան իր պատգամը պիտի փոխանցէ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։ Ս. Պատարագը պիտի սկսի ժամը 10։30-ին։

Առաջնորդական Փոխանորդ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան պիտի պատարագէ եւ քարոզէ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ։ Ս. Պատարագը պիտի սկսի ժամը 11։00-ին։

Երկուշաբթի, 2 Ապրիլի առաւօտեան ժամը 10։00-ին, Առաջնորդ Սրբազան Հօր նախագահութեամբ եւ Թեմիս հոգեւորականաց դասու մասնակցութեամբ, Ս. Յարութեան Մեռելոցի յիշատակին հոգեհանգստեան արարողութիւն պիտի կատարուի Հոլիվուտ Հիլզի «Forest Lawn» գերեզմանատան «Hall of Liberty» սրահին եւ Կլենտէյլի «Forest Lawn» գերեզմանատան «Church of the Recessional» եկեղեցւոյ մէջ։

Կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը մասնակից ըլլալու հոգեպարար արարողութեանց եւ գօտեպնդուելու Ս. Յարութեան յաղթական ոգիով ու պատգամով։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022