Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Օծման 51-ամեակին Առիթով Առաջնորդ Սրբազանը Պիտի Այցելէ Սան Ֆրանսիսքոյի Ծխական Համայնքին

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան այս շաբաթավերջին պիտի այցելէ Սան Ֆրանսիսքոյի ծխական համայնքին, հանդիսապետելու համար Ս.
buy wellbutrin online https://blackmenheal.org/wp-content/languages/new/wellbutrin.html no prescription

Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ օծման 51-ամեակի հանդիսութեան։

Կիրակի, 15 Հոկտեմբեր 2017-ին, Առաջնորդ Սրբազանը Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը՝ վեր առնելով Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետաց աւանդն ու տօնին անժամանցելի խորհուրդը։

Շաբաթ երեկոյեան, «Խաչատուրեան» Հայ Կեդրոնի «Սարոյեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ եկեղեցւոյ 51րդ տարեկան ճաշկերոյթը, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւին, Հոգաբարձութեան ու Տիկնանց Միութեան։ Գնահատանքի պիտի արժանանան Տիկին Անիկ Զինտարզեան ու Տիար Լիօ Տոնեան իրենց անսակարկ վաստակին ու ծառայութեան համար, ինչպէս նաեւ Գարլոս Մէնտոզա իր տարիներու ծառայութեան համար։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022