Հայաստանեայց Առաքելական Ս. եկեղեցին այս շաբաթավերջին կը նշէ քրիստոնէութեան լոյսը Հայաստան բերող առաջին լուսաւորիչ առաքեալներուն՝ Ս. Թադէոսի եւ Ս. Բարթողոմէոսի տօնը։
Կիրակի, 2 Դեկտեմբեր 2018-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի ուղղէ օրուան խորհուրդը վեր առնող պատգամը։