Առաջնորդ Սրբազանը Պիտի Հանդիսապետէ Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին

Կիրակի, 10 Մարտ 2019ը, Մեծ Պահոց երկրորդ Կիրակին է, որ կը կոչուի Արտաքսման Կիրակի։

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի ուղղէ իր պատգամը։

Հ. Յ. Դաշնակցութեան 128-ամեակին առիթով, եւ շրջանի Հ.Յ.Դ. «Թեհլիրեան» Կոմիտէի խնդրանքով, յաւարտ Ս. Պատարագի, հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կոմիտէութեան ննջեցեալներու հոգիներու խաղաղութեան համար։

Եկեղեցական արարողութիւններէն ետք, համայնքի զաւակները պիտի ուղղուին «Արարատ» գերեզմանատուն եւ պիտի համախմբուին Սողոմոն Թեհլիրեանի շիրիմին շուրջը, ուր Առաջնորդ Սրբազանին նախագահութեամբ ազգային հերոսին յիշատակին տեղի պիտի ունենայ հոգեհանգստեան արարողութիւն։

Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազանը ներկայ պիտի ըլլայ Հ.Յ.Դ 128-ամեակի հանդիսութեան, որ կազմակերպուած է «Թեհլիրեան» Կոմիտէին կողմէ եւ տեղի պիտի ունենայ քաղաքի «Կարօ եւ Ալիս Կիւրեղեան Մշակութային կեդրոն»ի «Մկրտիչեան» սրահին մէջ։ Իբրեւ գլխաւոր բանախօս՝ Լոս Անճելըսէն հրաւիրուած է Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022