Առաջնորդ Սրբազանը Պիտի Հանդիսապետէ Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին – Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագի եւ Առաջին Մարտիրոսի Տօնի Նշում

Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, Երեքշաբթի, 25 Դեկտեմբեր 2018ը Սուրբ Ստեփանոս նախասարկաւագին եւ քրիստոնէութեան առաջին մարտիրոսին տօնն է։ Սուրբ Ստեփանոսի տօնը նաեւ տօնն է սարկաւագներուն եւ եկեղեցւոյ Ս. Խորանին սպասարկողներուն։

Այս առիթով, Կիրակի, 23 Դեկտեմբերին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը, վեր առնելով Ս. Ստեփանոս Նախավկայի վարքը, նահատակութիւնն ու ինքնամատոյց ծառայութեան իմաստը, ապա, պիտի օրհնէ սարկաւագները։

Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան պիտի քարոզէ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022