Առաջնորդ Սրբազանը Այցելեց Ուաշինկթընի Հայ Դատի Գրասենեակը

Երեքշաբթի, 16 Յուլիս 2019-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան եւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տոքթ. Տրդատ Մանկիկեան Ուաշինկթընի մէջ այցելեցին Հայ Դատի գրասենեակը, ուր դիմաւորուեցան գործադիր տնօրէն Տիար Արամ Համբարեանի եւ պաշտօնէութեան կողմէ։

Հանդիպումի ընթացքին արծարծուեցան Հայ Դատի կատարած հայօգուտ ջանքերն ու համայնքային խնդիրները։ Կողմերը նաեւ անդրադարձ կատարեցին մէկ օր առաջ տեղի ունեցած միջ-եկեղեցական արարողութեան, որուն ընթացքին Առաջնորդ Սրբազաններու եւ եկեղեցականաց դասուն կողմէ երգուած «Տէր Ողորմեա»ն դիւթած էր բոլորին հոգիները։

Առաջնորդ Սրբազանը եւ Տոքթ. Մանկիկեանը Հայ Դատի աշխատակիցներուն յաջողութիւն մաղթեցին իրենց հայանուէր գործունէութեան մէջ։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022