Քոլորատոյի հայ համայնքը Նոյեմբեր 16 եւ 17-ին պատմական եւ յիշատակելի շաբաթավերջ մը ապրեցաւ, նշելով Արեւմտեան մեր Թեմին կողմէ իր վայելած հոգածութեան 30րդ տարեդարձը։ Այս հանգրուանային առիթը յատկանշուեցաւ եպիսկոպոսական Ս. Պատարագով ու ժողովրդային կոկիկ հանդիսութեամբ մը։
Արդարեւ, Քոլորատոյի Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան հրաւէրով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան, ընկերակցութեամբ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. ԱթմաՃեանի եւ բարեշնորհ Շահէ Աւ. Սրկ. Ճիէրեանի, Տէնվըր հասաւ Շաբաթ, 16 Նոյեմբերի յետմիջօրէին, եւ օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ հոգաբարձութեան ժրաջան ատենապետ՝ Տիար Վահէ Պէրէճիքլեանի կողմէ:
Նոյն երեկոյեան, ի պատիւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, ընդունելութիւն մը կազմակերպուած էր նախաձեռնութեամբ հոգաբարձութեան եւ հիւրընկալութեամբ Տէր եւ Տիկին Գալուստ եւ Արուս Քրիստիանեաններու:
Նկատի ունենալով, որ կը գտնուինք տօնական օրերու նախօրեակին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը օրհնեց Քրիստիանեաններու բնակարանը եւ ներկաներուն յայտնեց որ այս օրհնութեամբ կ՚օրհնէ նաեւ համայնքի բոլոր հայ օճախները։ Ներկաները ուրախ, մտերմիկ եւ յիշատակելի երեկոյ մը անցուցին Առաջնորդ Սրբազան Հօր հետ միասին, վայելելով իր ներկայութիւնն ու քաջալերական խօսքերը։ Հիւրընկալ ամոլին թոռները գեղեցիկ անակնկալով մը ելոյթ ունեցան երգով եւ նուագով:
Կիրակի օր, հաւատացեալները մեծ խանդավառութեամբ համախմբուած էին Ս. Գաբրիէլ Հրեշտակապետի անուան եպիսկոպոսական եկեղեցւոյ մէջ, ուր Առաջնորդ Սրբազանը Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց եւ փոխանցեց իր պատգամը: Ս. Սեղանին սպասարկեցին Տ. Վազգէն Քահանան եւ բարեշնորհ Շահէ Սարկաւագ: Պատարագին ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ հովիւը՝ Տէր Քրիս Տիտսընպըրկըր:
Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը ըսաւ. «Կը գնահատեմ Քոլորատոյի ծխական շրջանի հոգաբարձութիւնը եւ մեր հաւատացեալ ժողովուրդը, որ սիրտ սրտի եւ ձեռք ձեռքի տուած՝ աշխոյժ կը պահեն շրջանը: Թէեւ աշխարհագրական որոշ հեռաւորութեան վրայ կը գտնուինք, սակայն Քոլորատոյի մեր համայնքի զաւակները եղած են ու կը մնան մեր սիրոյ եւ հոգածութեան առարկան: Մեր մաղթանքն է որ Քոլորատոյի ծխական շրջանը աւելի կազմակերպուի, աճի եւ ի մի համախմբէ շրջանի հայութիւնը»:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, շարունակելով իր խօսքը, բացատրեց Յիսնակի շրջանի հոգեւոր պատրաստութեան իմաստը եւ ապա, իր պատգամը փոխանցեց, հիմնուելով օրուան ճաշու Աւետարանի Ղուկասու 9:44-50 համարներուն վրայ: Պատարագիչ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ Յիսուս Քրիստոսի տուած այն օրինակին, ուր մանուկ մը առնելով՝ զայն ներկայացուց որպէս մեծութեան տիպար: Ան շեշտեց, որ համեստութիւնը, ազնիւ ծառայութիւնը եւ հանդուրժողութիւնը պէտք է դառնան ամէն մէկ Քրիստոնեայի կեանքին մաս կազմող կարեւորագոյն սկզբունքները: Ան յայտնեց թէ Յիսնակի Բարեկենդանի սկիզբը կը յիշեցնէ նաեւ Գոհաբանութեան Տօնին գալուստը, ինչպէս նաեւ Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան Տօները, որոնք մեր սիրտերը կը լեցնեն սիրով եւ ցնծութեամբ, ու մեզ կը մղեն առաւել նուիրումի եւ առաւել նուիրաբերումի՝ յատկապէս կարօտեալներու եւ կարիքաւորներու նկատմամբ: Այս ժամանակաշրջանը մեզի նաեւ կը յուշէ թէ մօտ է «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Թելեթոնը, որուն հասոյթը այս տարի պիտի տրամադրուի Վարդենիս-Մարտակերտ ճամբու շինութեան, իսկ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մեր շրջանէն գոյանալիք գումարէն մաս մը պիտի տրամադրուի Սուրիոյ տագնապահար հայութեան։
«Որպէս հայ քրիստոնեաներու՝ ամէն մէկուս համար քաղցր պարտականութիւն պիտի համարուի օգնելը, ծառայելը, տալը, նիւթաբարոյական մասնակցութիւն բերելը մեր եկեղեցւոյ եւ ազգին, յատկապէս այս ժամանակաշրջանին, երբ Սուրիոյ մէջ ապրող մեր քոյրերն ու եղբայրները ճգնաժամ կ՚ապրին», ընդգծեց Առաջնորդ Սրբազանը:
Ս. Պատարագի աւարտին, հաւաքական խոստովանանք տեղի ունեցաւ. ներկայ հաւատացեալները երկիւղածութեամբ մօտեցան ու Առաջնորդ Սրբազանին ձեռամբ Ս. Հաղորդութիւն ստացան, ապա՝ կատարուեցաւ հոգեհանգիստ: Ս. Պատարագի աւարտին ներկաները առիթ ունեցան յիշատակի խմբանկար մը ունենալու Առաջնորդ Սրբազան Հօր հետ:
Ս. Պատարագէն ետք, ներկայ հաւատացեալները սիրոյ ճաշի հիւրն էին շրջանի հոգաբարձութեան: Ատենապետը շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան խօսք արտասանեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ Ազգային Առաջնորդարանին, որ երեք տասնամեակներէ ի վեր հոգեւոր սնունդ կը մատակարարեն Քոլորատոյի հայ համայնքին: Առաջնորդ Սրբազանը, իր կարգին, գնահատեց հոգաբարձութիւնը եւ Տիկնանց Միութիւնը, եւ գոհունակութեամբ յայտարարեց, որ հոգաբարձութեան հետ համախորհուրդ, ծրագրուած է այսուհետեւ ամսական դրութեամբ հոգեւորականներու այցելութիւն եւ Ս. Պատարագ ունենալ, նպատակ ունենալով առաւել կազմակերպել համայնքը։ Ան յատուկ կերպով գնահատեց նաեւ դպրաց դասը, որ այնքան լաւ երգեցողութեամբ մասնակցեցաւ պատարագին, խմբավարութեամբ Տիկին Անուշ Փիթըրսընի եւ երգեհոնի ընկերակցութեամբ Տիկ. Լիլիան Գրիգորեանի։ Ապա, Առաջնորդ Սրբազանը գնահատանքի եւ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց տեղւոյն Հովիւին եւ անոր նուիրեց Ազգ. Առաջնորդարանը պատկերող յուշանուէր մը։ Առաջնորդ Սրբազանը յուշանուէրներ բաժնեց նաեւ բոլոր ներկաներուն:
Քոլորատոյի հայ համայնքի ծխական շրջանի երեսնամեակի առիթով, բարեպաշտուհի մը կարկանդակ մը պատրաստած էր, որ առաւել խանդավառութեան առիթ հանդիսացաւ ներկաներուն:
Սիրոյ ճաշը իր աւարտին հասաւ «Կիլիկիա»ի ու «Մեր Հայրենիք»ի հաւաքական երգեցողութեամբ եւ Առաջնորդ Սրբազանին «Պահպանիչ»ով։ Ներկաները բաժնուեցան անմոռանալի շաբաթավերջ մը ապրած ըլլալու գոհունակութեամբ։