Առաջնորդ Սրբազանը Կ’այցելէ Քոլորատոյի Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Ծխական Համայնքին – Ս. Պատարագ եւ Հայրապետական Մաղթանք


Քոլորատոյի եւ Ռաքի Մաունթըն շրջանի մեր ծխական համայնքին համար, Կիրակի, 26 Յունիս 2016ը եղաւ յիշատակելի օր մը, երբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան այցելեց ծխական համայնքին, Ս. Պատարագ մատուցեց, Հայրապետական Մաղթանք կատարեց ու օրուան յատուկ պատգամը ուղղեց հաւատացեալներուն:

Առաջնորդ Սրբազանին տնօրինութեամբ, Կիրակի օրը Հայրապետական Մաղթանք կատարուեցաւ նաեւ մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, նշելով Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ընտրութեան եւ օծման 21րդ տարեդարձը:

Քոլորատոյի Ս. Պատարագին, ու Առաջնորդ Սրբազանին պատգամէն առաջ, յանուն ծխական համայնքին, Բրշ. Շահէ Սրկ. Ճիէրեան բարի գալուստի խօսք արտասանեց եւ շնորհաւորեց Առաջնորդ Սրբազանը վերընտրութեան առիթով ու բարի մաղթանքներ կատարեց յառաջիկայ աշխատանքներուն մէջ:

Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամը սկսաւ ողջունելով ծխական համայնքի զաւակներն ու եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը, նշելով, որ անոնք թէեւ ֆիզիքապէս կ’ապրին հազար մղոն հեռու գտնուող շրջանի մը մէջ, սակայն իբրեւ Աստուծոյ զաւակները՝ հոգեպէս միացած են մեր Թեմի մեծ ընտանիքին ու մաս կը կազմեն Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ: Ան գոհունակութիւն յայտնեց, որ ծխական համայնքի կեանքին մէջ վերջին տարիներուն յառաջդիմութիւն արձանագրուած է, ամսական հերթականութեամբ Ս. Պատարագ տեղի կ’ունենայ, եւ զօրակցութիւնը յայտնեց յաւելեալ բարելաւումի քայլերուն:

Առաջնորդ Սրբազանը յայտարարեց, որ այսօր կը յիշատակենք մէկէ աւելի ուրախ առիթներ. Հայրապետական Մաղթանքով պիտի նշենք Նորին Սուրբ Օծութեան ընտրութեան ու օծման 21րդ տարեդարձը։ Նաեւ, այս օրերուն, Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Քահանայապետը՝ Ն. Ս. Ֆրանչիսկոս Պապը Հայաստան կ’այցելէ իբրեւ ուխտաւոր, ինչպէս նաեւ քահանայական ձեռնադրութեան 40րդ տարեդարձին առիթով կը վերանորոգէ իր ուխտը: Ան կանգ առաւ Վեհափառ Հայրապետին ծառայական կեանքին վրայ, անդրադառնալով Նորին Ս. Օծութեան գահակալութեան տարիներու իրագործումներուն եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռը աւելի եւս պայծառացնելու վսեմ առաքելութեան, մաղթելով քաջառողջ կեանք, որպէսզի մեր ժողովուրդը երկար տարիներ վայելէ իր հոգեւոր պետի առաջնորդութիւնը:

Առաջնորդ Սրբազանը բնաբան ընտրած էր Աւետարանի օրուան ընթերցումը՝ Մատթէոսի Աւետարանի 14րդ գլուխի 13էն 21րդ համարները, ուր կը պատմուի հինգ հազարի կերակրուելուն հրաշքը: Ան նշեց, որ այդ հրաշքով, մեր Տէրը հաւատացեալին յոյս կը ներշնչէ եւ գործնապէս ցոյց կու տայ իր անսահման ողորմածութիւնը, մարդուն հանդէպ իր սէրը: «Մենք պէտք չունինք մտահոգուելու, որովհետեւ Տէրը պիտի հոգայ մեր բոլոր պէտքերը: Աշակերտներուն համար, անկարելի կը թուէր, թէ ինչպէս կարելի էր հինգ նկանակով ու երկու ձուկով կերակրել հինգ հազար հոգի, սակայն այս հրաշքով, Յիսուս ապացուցեց, որ Աստուծոյ համար անկարելի բան չկայ, Ան կրնայ անկարելին կարելի դարձնել, որովհետեւ ծանօթ է մեր բոլոր կարիքներուն եւ միշտ պատրաստ է գոհացնելու զանոնք: Եւ մենք կրնանք ամէն բան ընել Քրիստոսի շնորհիւ», յորդորեց Առաջնորդ Սրբազանը, աւելցնելով, որ ինչպէս որ Քրիստոսի աշակերտները պարտականութիւնը ունէին կերակրելու հինգ հազար հաւատացեալները, մենք եւս, իբրեւ Իր հետեւորդները, պարտինք հոգալ մեզի նմաններուն կարիքները եւ տոգորուիլ նոյն սիրով: Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց, որ այս օրերուն, Արցախի վիճակը ծանօթ է բոլորիս ու բաց հրաւէր մը ուղղուած է ողջ հայութեան. հետեւաբար, պարտինք ընդառաջել հայրենիքի օգնութեան կոչին:

Շարունակելով իր խօսքը, Առաջնորդ Սրբազանը վեր առաւ կարեւորութիւնը հոգեւոր սնունդին, յիշեցնելով, որ մարդս միայն հացով չ’ապրիր, հետեւաբար, թելադրեց որ հաւատացեալները անդադար աղօթեն եւ ընտելանան Աստուծոյ խօսքին: Ան իր խօսքը աւարտեց աղօթք բարձրացնելով Մեծի Տանն Կիիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու անոր արժանընտիր գահակալին, Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ, հայ ժողովուրդին ու Քոլորատոյի մեր ծխական համայնքի զաւակներուն համար, յորդորելով, որ ծխականները եկեղեցանուէր ու ազգաշէն գործը շարունակեն հաւատքով, սիրով ու ծառայութեան հոգիով, հետեւելով Քրիստոսի օրինակին, ձգտիլ լաւագոյնին, առաջնորդուելով Վեհափառ Հայրապետին տիպար օրինակով:

Տեղի ունեցաւ Հայրապետական Մաղթանքի արարողութիւնը: Ներկայ հաւատացեալները ձայնակցեցան «Կիլիկիա»ի, Հայրապետական Մաղթանքի եւ Հայաստանի Քայլերգի երգեցողութեան: Աւարտին, հաւատացեալները բոլորուեցան Առաջնորդ Սրբազանին շուրջ, յիշատակի լուսանկար մը ունենալու համար, եւ ստացան յուշանուէրներ:

Ս. Պատարագէն ետք, հոգաբարձութիւնը ի պատիւ Առաջնորդ Սրբազանին կազմակերպած էր ճաշկերոյթ մը: Յանուն ծխական համայնքի զաւակներուն, հոգաբարձութեան ատենապետը՝ Տիար Վահէ Պերեճիքլեան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Առաջնորդ Սրբազանին, այս հոգեշնչող այցելութեան համար, ու շնորհաւորեց զինք՝ վերընտրութեան ու ձեռնադրութեան 40րդ տարեդարձին առիթներով: Ան մաղթեց, որ ծխական համայնքը աւելի յաճախ վայելէ Առաջնորդ Սրբազանին ներկայութիւնը: Առաջնորդ Սրբազանը, իր կարգին, անգամ մը եւս գոհունակութիւն յայտնեց, որ կը գտնուի Քոլորատոյի ծխական համայնքին հետ, գնահատեց երիտասարդներուն ու պատանիներուն Ս. Պատարագին ներկայութիւնը եւ մաղթեց, որ համայնքի զաւակները աւելի սերտ գործակցութեամբ եւ սիրոյ վրայ հիմնուած ծառայութեամբ յառաջ տանին ու ամրապնդեն գաղութը:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022