Ուսումնական 2015-2016 տարեշրջանի վերամուտն է ու Ազգային Վարժարանները կը վերաբանան իրենց դուռները, հայ աշակերտին ջամբելու հոգեկան ու մտային սնունդ:
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Երկուշաբթի, 17 Օգոստոս 2015ի առաւօտուն, վերամուտի պահը բոլորեց Ազգային Ֆերահեան վարժարանի աշակերտներուն, անոնց դաստիարակներուն եւ ծնողներու հետ, որոնք Էնսինոյի եւ Նորթ Հիլզի համալիրներուն մէջ համախմբուած էին մեկնարկելու տարեշրջանը: Ներկայ էին Խնամակալ Մարմինի, վարժարանի Ուսումնական Մարմինի ներկայացուցիչներ եւ Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անդամներ:
Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Ռազմիկ Քհնյ. Խաչատուրեանի աղօթքով սկսաւ վերամուտի հանդիսութիւնը: Խօսք առաւ վարժարանին տնօրէնը՝ Տիար Ժան Գոսաքեան, որ ողջունեց աշակերտներուն դպրոց վերադարձը եւ անդրադարձաւ հայկական վարժարանի այն առաքելութեան, որ կը մարմնաւորուի աշակերտին ազգային եւ լաւ ուսում, դաստիարակութիւն եւ հանգիստ պայմաններ ընծայելով:
Վերամուտի առիթով իր ուղղած պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը փառք տուաւ Աստուծոյ, որ անփորձ ու անվտանգ ամառուան արձակուրդէն ետք, առիթ կ’ընծայէ վերաբանալու մեր վարժարաններուն դուռները: Ան գոհունակութեամբ հաստատեց տնօրէնին յիշեալ մտածումները, ապա յատուկ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ հայութիւնը այս տարի կ’ապրի Ցեղասպանութեան 100ամեակի մթնոլորտին մէջ, անցեալի դաժան եւ հպարտալի իրադարձութիւննրը յիշելով, բայց մանաւանդ մեր արդար իրաւունքներուն պահանջատիրութիւնը հետապնդելով: Ան յիշեցուց, որ անցեալ Ապրիլին, մեր եկեղեցին սրբադասեց Ցեղասպանութեան զոհ գացած մեր նահատակները, այսինքն, անոնք դարձան սուրբ, ու այսուհետեւ մեզի պաշտպան բարեխօս են: Ան աշակերտները յորդորեց իրենց աղօթքներուն մէջ յիշելու մեր սուրբերը, ապաւինելու անոնց հովանիին եւ խնդրելու, որ անոնք բարեխօս ըլլան յաջող ու անվտանգ տարեշրջան մը բոլորելու համար: Առաջնորդ Սրբազանը բարի երթ մաղթեց ուսումնական մեր օճախներուն եւ ներկաներուն ընդմէջէն, ողջունեց հայկական բոլոր վարժարաններուն դաստիարակները, տնօրէններն ու գործակիցները, մաղթելով անփորձ ու անվտանգ տարեշրջան մը, որուն ընթացքին, մեր աշակերտները զօրանան մարմնով, զարգանան հոգւով ու միտքով, տոգորուին քրիստոնէական ու ազգային հարստութիւններով:
Յայտնենք, որ Առաջնորդ Սրբազանը վերամուտի առիթով պատգամ մը յղած է մեր բոլոր վարժարաններուն. պատգամը կ’ընթերցուի իւրաքանչիւր շրջանի հոգեւոր հովիւին կողմէ: