Վերամուտի Առիթով – Ազգ. Մեսրոպեան Վարժարանը Խանդավառութեամբ Դիմաւորեց Առաջնորդ Սրբազանը

Ուսումնական-կրթական 2017-2018 տարեշրջանի վերամուտին առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Հինգշաբթի, 28 Սեպտեմբեր 2017-ին այցելեց Ազգային Մեսրոպեան վարժարան եւ հանդիպում ունեցաւ տնօրէնին, դաստիարակներուն եւ աշակերտներուն հետ, անոնց ուղղելով իր հայրական պատգամն ու յորդորները: Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանային առաջնորդական փոխանորդ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան, Ս. Խաչ Մայր Տաճարի հոգեւոր հովիւ Արժ.
buy cialis super force online pridedentaloffice.com/wp-content/themes/twentytwentyone/inc/en/cialis-super-force.html no prescription

Տ. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեան. հանդիպումին ներկայ եղան հոգաբարձութեան ատենապետուհին եւ վարժարանի «Ռան եւ Գոհարիկ Կապրիէլ» մանկամսուրի բարերարուհի Տիկին Գոհար Կապրիէլ, հոգաբարձութեան այլ անդամներ, վարժարանին Ուսումնական Մարմինի եւ Հ.Յ.Դ. «Դրօ» կոմիտէի ներկայացուցիչներ, եկեղեցւոյ ու վարժարանի բարերարուհիներէն Տիկին Զապէլ Իգնատոսեան, հիւրեր եւ նախկին շրջանաւարտներ։

Վարժարանի մուտքին, Առաջնորդ Սրբազանը եւ ընկերակիցները դիմաւորուեցան տնօրէնին՝ Տիար Դաւիթ Ղուկասեանի, կրթական մշակներու եւ աշակերտական խորհուրդին կողմէ: Տեղի ունեցաւ աւանդական աղ ու հացի օրհնութիւնը, ապա, բոլորը ուղղուեցան վարժարանին «Լեւոն եւ Զապէլ Իգնատոսեան» սրահը, ուր գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր եւ տեղի ունեցաւ պաշտօնական հանդիսութիւն:

Սրահ մուտքին, Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց բացումն ու օրհնութիւնը Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի որմնանկարին, զոր պատրաստած է վարժարանի ծնողներէն արուեստագէտ Վաղինակ Պատալեան։ Տիար Դ. Ղուկասեան բարի գալուստ մաղթեց Առաջնորդ Սրբազանին, ըսելով. «Բարով կու գաք Ձեր տունը, սիրելի՛ Սրբազան Հայր», եւ ապա անդրադարձաւ վարժարանի հայակերտումի առաքելութեան ու մեր ազգային արժէքներուն հաւատարիմ ըլլալու աշակերտներուն յանձնառութեան:

Սրտի խօսքով, ասմունքով ու երգով հանդէս եկան վարժարանի մանկամսուրի, միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտները, որոնք իրենց ներկայացումներով յոյս ներշնչեցին ներկաներուն, թէ՝ նոր սերունդը մեր վարժարաններուն մէջ առողջ դաստիարակութիւն կը ստանայ թէ՛ ազգային ու եկեղեցական, եւ թէ հայրենասիրական մարզերուն մէջ։

Առաջնորդ Սրբազանը իր օրհնութեան խօսքին ու յորդորին ընդմէջէն գնահատեց աշակերտները, որոնք ներկայացուցած էին գեղարուեստական գեղեցիկ յայտագիր մը, ողջունեց նախկին շրջանաւարտներուն նուիրումը վարժարանին եւ մաղթեց, որ այժմու աշակերտները տարիներ ետք անոնց նման ներկայ ըլլան վարժարանի յարկին տակ այս ու նմանօրինակ հանդիսութիւններու, կապուած մնան վարժարանին։

Ակնարկելով Ս. Մեսրոպ Մաշտոց վարդապետին որմնանկարին, Առաջնորդ Սրբազանը նախ գնահատեց արուեստագէտը, ապա անդրադարձաւ Հայ Գիրերու «հայրը» եղող մեծ հայուն սրբազան աւանդին եւ ըսաւ. «Հայ մանուկներն ու հայ երիտասարդները պարտին հաւատարիմ մնալ այդ սրբազան աւանդին, հայերէնն ու հայ գիրը սիրեն ու լաւագոյնս ճանչնան, ապա նաեւ պահպանեն իրենց կեանքին գնով։ Աւելին, մէջբերելով աշակերտներէն Ալիք Յարութիւնեանի արտասանած՝ Սիլվա Կապուտիկեանի «Խօսք իմ որդուն» քերթուածէն, Առաջնորդ Սրբազանը վեր առաւ հայ մօր դերն ու ներգործութիւնը հայ մանուկի կեանքին մէջ, շեշտեց մեր լեզուին հաւատարիմ մնալու բանաստեղծին պատգամը, որ կ’ըսէ. «Թէ մօրդ անգամ մտքից հանես, քո մայր լեզուն չմոռանաս»:

Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ հաւաքական աղօթքով եւ «Կիլիկիա» մաղթերգի երգեցողութեամբ։ Աշակերտներուն իբրեւ յուշանուէր բաժնուեցան Ազգ. Առաջնորդարանին կողմէ հրատարակուած որմազդ մը, որ կը կրէ իր արմատներուն հայութեան անքակտելի կապին մասին Ուիլիըմ Սարոյեանի նշանաւոր խօսքը։

Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազանը այցելեց վարժարանին մանկապարտէզն ու նախակրթարանի դասարանները, ուր արժանացաւ ջերմ ընդունելութեան, մտերմիկ զրոյցներ ունեցաւ մանուկներուն եւ աշակերտներու հետ:

Կէսօրին, տնօրէնութիւնը ճաշով հիւրասիրեց Առաջնորդ Սրբազանն ու յարգելի հիւրերը:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022