Առաջնորդ Սրբազանը Վերամուտի Առիթով Կ’այցելէ Ազգ. Մեսրոպեան Վարժարան


Հինգշաբթի, 17 Սեպտեմբեր, 2015ի առաւօտեան, Արի Կիրակոս Մինասեան վարժարան տուած իր այցելութենէն ետք, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան այցելեց Մոնթեպելլոյի Մեսրոպեան Ազգ. Վարժարան, ուր ան դիմաւորուեցաւ դպրոցի տնօրէն՝ Տիար Դաւիթ Ղուկասեանի, եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ՝ Հոգշ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեանի, հովիւ՝ Արժ. Տ. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեանի, հոգաբարձութեան անդամներու, «Դրօ» Կոմիտէի ներկայացուցիչներուն, ուսուցչական կազմին եւ աշակերտութեան կողմէ:

Աշակերտները Սրբազան Հայրը դիմաւորեցին աղ ու հացով, որոնց օրհնութենէն ետք Սրբազանը վայելեց 5-12րդ դասարանի աշակերտներուն պատրաստած գեղարուեստական յայտագիրը: Յայտագրի աւարտին, դպրոցի տնօրէն Տիար Ղուկասեան բեմ հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազանը, որպէսզի տարեմուտի իր այցելութեան առթիւ իր խօսքը փոխանցէ աշակերտութեան եւ ամբողջ կազմին:

Սրբազան Հայրը գոհունակութեամբ ողջունելէ ետք բոլորը, գնահատեց աշակերտներուն խանդավառութիւնը տարեշրջանի սկզբնաւորութեան: Նկատի ունենալով որ Սրբազանը Մեսրոպեան Վարժարան ժամանած էր Ա.Կ. Մինասեան դպրոց իր այցելութենէն ետք, այնտեղ արտասանուած աղօթքի բառերու խորհուրդով աշակերտներուն մաղթեց մտքի լուսաւորութիւն, սրտի բարութիւն, ծնողներուն առողջութիւն եւ ուսուցիչներուն համբերութիւն, նշելով թէ 100ամեակի տարին յատկանշական կը դառնայ նաեւ իրենց կազմակերպած հայաշունչ երգերով, արտասանութիւններով, աղօթքներով եւ հայապահպանման համար տարուած ճիգերուն միջոցաւ:

Սրբազան Հօր խօսքի աւարտին, աշակերտները երգեցին «Կիլիկիա» մաղթերգը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգը:

Ապա, Սրբազան Հայրը իր այցելութիւնը շարունակեց հանդիպելով դպրոցի մանկամսուրի եւ առաջին կարգերու աշակերտութեան հետ։

Սրբազան Հօր բերած յուշանուէրներով, աշակերտները տարեսկիզբ մը եւս օրհնութեամբ ու աղօթքով վայելելու շնորհքին արժանացան:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022