Թարգմանչաց Տօնի Նախօրեակին Առաջնորդ Սրբազանը Այցելեց Ազգ. Մեսրոպեան Վարժարան

Վերամուտի եւ մշակոյթի ամսուան առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Հինգշաբթի, 11 Հոկտեմբեր 2018-ին այցելեց Ազգային Մեսրոպեան վարժարան եւ հանդիպում ունեցաւ Տնօրէնին՝ Տիար Դաւիթ Ղուկասեանի, Րոն եւ Գոհարիկ Կապրիէլ մանկամսուրի վարիչին՝ Տիկին Անգին Իսքաճեանի, ուսուցիչներուն, անձնակազմի անդամներուն եւ աշակերտներուն հետ։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ’ընկերանային Ս. Խաչ Մայր տաճարի տեսուչ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան ու հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեան։ Ներկայ էին Տաճարի հոգաբարձութեան ատենապետուհին եւ անդամներ, ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէի եւ ՀՕՄ-ի «Նայիրի» մասնաճիւղի ներկայացուցիչներ, վարժարանի ուսումնական մարմինի եւ ծնողաօժանդակ մարմինի անդամներ։

Մանկապարտէզի աշակերտները Առաջնորդ Սրբազանը դիմաւորեցին աղ ու հացով եւ արտասանեցին վարժարանին ուխտը։ Դասարանին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը մտերմիկ զրոյց ունեցաւ մանուկներուն հետ եւ օրհնեց զանոնք։

Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազանը այցելեց նախակրթարանի դասարանները եւ աշակերտներուն հետ ունեցաւ հարց-պատասխանի պահ մը, հիմնականին մէջ վեր առնելով Թարգմանչաց սերունդի աւանդին ներկայութիւնը մեր կեանքին մէջ։

6-րդէն 12-րդ կարգի աշակերտները համախմբուած էին վարժարանին մէջ կանգնած՝ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի յուշարձանին առջեւ, ուր գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը։ Աշակերտական խորհուրդին անունով ողջոյնի խօսք արտասանեց Անի Խաչիկեան, աշակերտուհի մը՝ Մէրի Ճաւահերեան արտասանեց Սիլվա Կապուտիկեանէն «Մեր սէրը» բանաստեղծութիւնը, տնօրէնը՝ Տիար Դաւիթ Ղուկասեան արտասանեց սրտի խօսք մը, ուրախութիւն յայտնելով Առաջնորդ Սրբազանին ներկայութեան համար, ապա հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազանը արտասանելու իր պատգամը։

Առաջնորդ Սրբազանը գոհունակութիւն յայտնեց, որ անգամ մը եւս կը գտնուի այս յարկին տակ, որ կը կրէ մեր մշակոյթի հիմնադիրներէն Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի անունը, իսկ այս այցելութիւնը կը զուգադիպի Մշակոյթի ամսուան ու Թարգմանչաց տօնի նախօրեակին։ Մեկնելով բանաստեղծ Ժագ Ս. Յակոբեանի «Հայ գիրքը՝ շե՛մ ոսկի» գրքոյկի խորագիրին հետեւող բանաստեղծութեան մտածումներէն, որ հայ գիրքը կը նմանցնէ «հայ մանկան աւազա՛ն հայ մկրտութեան», նաեւ՝ «խորան հայոց, ուր քահանայ որպէս, Մաշտոց կը բաշխէ Բանը մայրենի… », Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց, որ մեր մշակոյթի հիմնադիրները մեծ զոհողութիւններով կերտած են մշակութային հսկայ ժառանգութիւն ու հասցուցած մեզի, որպէսզի Հայ մկրտեն մեզ։ Եւ ինչպէս որ Յիսուս իր մուրճով հիմը դրաւ Ս. Էջմիածինի տաճարին, քրիստոնէութեան լոյսը բերելով մեզի, այնպէս ալ Ս. Մեսրոպ Մաշտոց, Ս. Սահակ Պարթեւ Հայրապետ ու անոնց աշակերտները մշակոյթի լոյսը բերին Հայաստան աշխարհ։ Ան աշակերտները յորդորեց արժանաւոր զաւակները ըլլալու Թարգմանչաց սերունդին ու իրենց կեանքին մէջ ապրեցնել անոնց ժառանգութիւնը։

Պաշտօնական յայտագիրին աւարտին, տեղի ունեցաւ ճաշի հիւրասիրութիւն։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022