Առաջնորդ Սրբազանը Այցելեց Ազգ. Ռ. եւ Ա. Փիլիպոս Վարժարան

Չորեքշաբթի, 7 Նոյեմբեր 2018-ի առաւօտուն, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան այցելեց Ազգային Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս վարժարանը եւ հիւրընկալուեցաւ գլխաւոր տնօրէնուհիին՝ Դոկտ. Ալինէ Դուրեանի, գործադիր տնօրէնուհիին՝ Տիկին Մարալ Դաւիթեանի, դաստիարակներուն եւ աշակերտներուն կողմէ։ Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանար Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան։ Ներկայ էին վարժարանի Ուսումնական մարմինի անդամներէն Տեարք Վահէ Թաշճեան, Մուրատ Շահինեան եւ Տիկին Թալին Ղազարեան։

Առաջնորդ Սրբազանը առաջին հերթին այցելեց «Մարի Փոստոյեան» մանկամսուրի յարկը եւ մանուկներուն կողմէ դիմաւորուեցաւ աղ ու հացով եւ Հայաստանի եռագոյն դրօշներով։ Աշակերտները հիւրերը ողջունեցին արտասանութիւններով, մանկացնելով պահը։

Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազանն ու ընկերակիցները այցելեցին նախակրթարանի եւ միջնակարգի կարգ մը դասարանները, ուր դիմաւորուեցան ողջոյնի խօսքերով, արտասանութեամբ եւ նուագով։ Այս բոլորով, գործնական մարմնաւորում ստացաւ Հայ Մշակոյթի ամիսը, որ քանի մը օր առաջ պաշտօնապէս իր աւարտին հասած էր, սակայն անոր դրոշմը աշակերտներուն կեանքին մէջ կը պահպանուի տարուան բոլոր ամիսներուն։

Դասարաններ այցելութենէն ետք, 12-րդ կարգի աշակերտները համախմբուեցան Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուր 9-րդ կարգի աշակերտները վերնատան մէջ երգեցին «Մարմին Տէրունական»ը եւ «Կիլիկիա»ն։ Առաջնորդ Սրբազանը գնահատանքով արտայայտուեցաւ իրեն մատուցուած հոգեպարար մթնոլորտին համար, զոր նմանցուց Թափօր լերան վրայ Քրիստոսի Այլակերպութեան խորհուրդի մթնոլորտին, ինչպէս նաեւ՝ դաստիարակներուն ու աշակերտներուն ջանասիրութեան մասին։ Ան վեր առաւ մեր մշակոյթին կարեւորութիւնն ու զայն պահպանելու հրամայականը, շեշտելով, որ հայը հայկական հողի վրայ կը կանգնի ո՛ւր որ ըլլայ՝ եկեղեցի, դպրոց թէ հայկական որեւէ տուն։

Այցելութեան վերջին բաժինով, Առաջնորդ Սրբազանը հանդիպում մը ունեցաւ վարժարանի 12-րդ դասարանի աշակերտներուն հետ։ Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը զրուցեց աշակերտներուն հետ, պատասխանեց բարոյական ու կրօնական նիւթերու մասին անոնց հարցումներուն եւ տուաւ համապատասխան թելադրանքներ՝ բարին, լաւն ու օգտակարը ընտրելու համար։

Աշակերտները յուշանուէրներ պատրաստած էին Առաջնորդ Սրբազանին համար, որ իր կարգին անոնց նուիրեց գիրքեր եւ Ս. Գրային պատկերներ։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022