Առաջնորդ Սրբազանը Սան Ֆրանսիսքոյի Գաղութին Հետ

Կիրակի, 9 Մարտ, 2014-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան այցելեց Սան Ֆրանսիսքոյի ծխական համայնքը եւ հանդիսապետեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին:

Օրուան պատարագիչն ու քարոզիչն էր Հոգշ. Տ. Պօղոս Աբղ. Թինքճեան, իսկ խորանի վրայ սպասարկութիւն կատարեցին Բարշ. Խաչիկ Սրկ. Շաննաքեան եւ Բարշ. Աւօ Սրկ. Մարգարեան:

20140309_151323Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ Արեւագալի ժամերգութիւն, ապա Առաջնորդ Սրբազանը խօսք առնելով ողջունեց Սան Ֆրանսիսքոյի համայնքը եւ գոհունակութիւն յայտնեց, որ համայնքի զաւակերուն հետ կը գտնուի դարձեալ եւ այս անգամ իրեն ընկերակից ունենալով Հայր Սուրբը եւ երկու քահանայացու Սարկաւագները եւ զիրենք ծանօթացուց ներկայ հաւատացեալներուն: Առաջնորդ Սրբազանը յայտնեց, որ անցեալ տարուան ընթացքին հովուական նոր նշանակումներ կատարուեցան մեր Թեմի երեք եկեղեցիներէն ներս, եւ հասած է ժամանակը նաեւ Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին ալ նոր հովիւով մը օժտելու:

Հայր Սուրբը քարոզի բնաբան ունենալով «պտուղը ճաշակելով, մեղքի եւ մահուան դառնութիւնը ճաշակեցին» շարականի տողերը, ներկայ հաւատացեալներուն բացատրեց Արտաքսման Կիրակիի խորհուրդը, որուն ընդմէջէն կոչ ուղղեց հաւատացեալներուն ցաւակից ու սգակից ըլլալու Ադամին ու Եւային, որպէսզի «մենք եւս մեղաւոր ըլլալու զգացումը ունենալէ ետք, դարձեալ Եդեմի պարտէզ վերադառնալու յոյսը ունենանք զղջումի եւ ապաշխարութեան միջոցաւ, Քրիստոսի Հրաշափառ Յարութեան օրը»:

Պատարագէն ետք, Եկեղեցւոյ «Վասպուրական» սրահին մէջ հիւրասիրութեան ընթացքին, Հոգաբարձութեան ատենապետ Պրն. Ռոստոմ Այնթապլեան խօսք առնելով բարի գալուստ մաղթեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ օրուան հիւր պատարագիչին եւ սպասարկող սարկաւագներուն: Ապա Սրբազան Հայրը գնահատեց համայնքին ներկայութիւնը եկեղեցիէն ներս, եւ միշտ յարմար առիթը ունենալուն Սան Ֆրանսիսքոյի համայնքին այցելելու  փափաքը յայտնեց:

Կէսօրին, Խաչատուրեան Հայ Կեդրոնի «Սարոյեան» սրահին մէջ ՀՕՄ-ի «Երեբունի» մասնաճիւղի 80-րդ տարեդարձի ճաշկերոյթին մասնակից ըլլալով, Առաջնորդ Սրբազանը ներկայ հոգեւորականներուն հետ միասին կատարեց սեղանի օրհնութիւնը, ապա իր գնահատական խօսքը ուղղեց ՀՕՄ-ի ծառայողներուն, եւ օրհնեց անոնց ապագայ ծրագիրներն ու առաքելութիւնը:

Ճաշկերոյթի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը ժողով ունեցաւ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Խորէն Աւ. Քհնյ. Հապէշեանին, Հոգաբարձութեան, երեսփոխաններու ու Ազգային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ Տիար Սարգիս Շիրիգեանին հետ, եւ գաղութի ապագայ ծրագիրներուն համար խորհրդակցութիւններ ունեցաւ: Ժողովի ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազանը կարեւորութամբ շեշտեց, թէ «մեր ծրագիրները եւ ակնկալութիւնները բազնազան կրնան ըլլալ, սակայն մենք պէտք է ապաւինինք Աստուծոյ կամքին եւ զայն խնդրենք»: Ժողովի աւարտին ներկայ ժողովականները բարի ճանապարհ եւ ապահով ճամբորդութիւն մաղթեցին Առաջնորդ Սրբազան Հօր:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022