Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Երեքշաբթի, 8 Յուլիս 2014-ին այցելութիւն մը տուաւ Փասատինայի Ս.
buy apcalis oral jelly online www.ecladent.co.uk/wp-content/themes/twentyseventeen/inc/en/apcalis-oral-jelly.html no prescription
Սարգիս եկեղեցւոյ Ս. Գրային ամառնային դպրոցը եւ իր օրհնութիւնն ու պատգամը փոխանցեց աշակերտներուն:
Յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով, եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը կազմակերպած է այս դասընթացքը, որ սկսած էր 16 Յունիսին եւ կþերկարի չորս շաբթուան վրայ: Այս տարի, ծրագրին կը հետեւին 3էն 13 տարեկան աւելի քան 100 մանուկներ ու պատանիներ:
Եկեղեցի իր ժամանումին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը դիմաւորուեցաւ Հոգեւոր Հովիւին՝ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեանի, Տիկնանց Միութեան անդամուհիներու, տեսչուհի Տիկ. Այտա Մարտիրոսեանի, օգնականներու եւ աշակերտներու կողմէ։ Աշակերտները իրենց սորված շարականներով ու աղօթքներով գեղեցիկ յայտագիր մը հրամցուցին Առաջնորդ Սրբազանին: Նշենք, որ այս տարուան դասընթացքին նշանաբանն է “Յիսուս կը սիրէ քեզ”:
Հոգեւոր Հովիւին եւ Տեսչուհիին ողջոյնի խօսքերէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանը մանուկներուն բացատրութիւններ տուաւ իրենց արտասանած աղօթքներուն զօրութեան ու մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի անհուն սիրոյ ու ներողամտութեան մասին։
Առաջնորդ Սրբազանը աշակերտներուն հետ ունեցաւ մտերմիկ զրոյց եւ անոնց ուղղեց զանազան հարցումներ՝ իրենց հետեւած դասընթացքի ծիրէն ներս։ Ապա, աշակերտները հարցումներ ուղղեցին Առաջնորդ Սրբազան Հօր, աւելի մօտէն ծանօթանալու համար իրեն։ Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը գնահատեց կատարուած աշխատանքը, յաջողութիւն մաղթեց աշակերտներուն ու դաստիարակներուն եւ յուշանուէրներ բաժնեց աշակերտներուն: