Տարիներու աւանդութեան համաձայն, Ազգ. Ռիչըրտ Թիւֆէնքեան Մանկամսուր-Մանկապարտէզի վարիչուհի Տիկին Արսինէ Աղազարեան եւ անձնակազմի անդամները Գոհաբանութեան տօնին առիթով կազմակերպած էին հանդիպում-հանդիսութիւն մը, որ տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 21 Նոյեմբեր 2017ի կէսօրին, վարժարանի յարկին տակ։
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան այս առիթով այցելեց վարժարանը։ Սրբազան Հօր կ’ընկերանային Առաջնորդական Փոխանորդ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան եւ Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ հոեգւոր հովիւներէն՝ Արժ. Տ. Վազգէն Աւ. Քհնյ. Աթմաճեան։ Սոյն հանդիպումին Ներկայ էին նաեւ վարժարանի բարերար Տէր եւ Տիկին Ռալֆ եւ Սավի Թիւֆէնքեան ամոլը, Ուսումնական Մարմինի ներկայացուցիչներ եւ ծնողներ:
Այս առիթով աշակերտները ներկայացուցին կոկիկ յայտագիր մը, որ ճոխացուց մթնոլորտը, որմէ ետք Գոհաբանական տօնին առիթով Առաջնորդ Սրբազանին գլխաւորութեամբ հաւաքական աղօթք կատարուեցաւ։
Ճաշի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատեց Դպրոցի բարերարուհին, տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմն ու ներկայ ծնողները իրենց նուիրումին եւ պատրաստակամութեան համար։ Ան իր խօսքը աշակերտներուն ուղղելով նշեց, որ Գոհաբանութեան տօնը աղօթքի եւ երախտապարտութեան օր է, այն բոլոր բարիքներուն համար, որ Աստուած պարգեւած է մեզի, եւ յորդորեց յարատեւօրէն աղօթել եւ շնորհակալ ըլլալ, ապա, բարձր գնահատեց զանոնք, իրենց պատրաստած գեղարուեստական յայտագրին լաւորակ ներկայացման համար եւ ուրախ Գոհաբանութեան տօն մաղթեց բոլորին։