Չորեքշաբթի, 20 Յունուար 2016ի երեկոյեան, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ազգային Առաջնորդարանի «Սիւլահեան» դահլիճին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի եւ Ազգային Ժողովի անդամ Արմէն Ռուստամեանի, որ ինչպէս ծանօթ է, Լոս Անճելըս կը գտնուէր Հ.Յ.Դ. 125ամեակի տօնակատարութեան առիթով, իբրեւ գլխաւոր բանախօս: Տիար Ռուստամեանի կ’ընկերանար Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Կեդր. Կոմիտէի ներկայացուցիչ Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան: Առաջնորդ Սրբազանին կողքին, ներկայ էին Հոգշ.
buy ventolin generic https://rxxbuynoprescriptiononline.com/ventolin.html over the counter
Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան, Հոգշ. Տ. Տաճատ Վրդ. Աշըգեան, Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան, Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տիար Վահէ Եագուպեան եւ Ազգ. Վարչութեան փոխ ատենապետ Դոկտ. Տիգրան Պապիկեան:
Փոխադարձ ծանօթացումէ ետք, հանդիպումը առիթ եղաւ խորհրդակցելու հայկական աշխարհը յուզող այժմու հարցերու մասին, Հայաստան-Արցախէն մինչեւ Սուրիոյ հայկական գաղութն ու մեր Թեմին դիմաց կանգնող մարտահրաւէրները: Առաջնորդ Սրբազանը այս առիթով անգամ մը եւս շնորհաւորեց Հ.Յ.Դ. ներկայացուցիչները՝ կուսակցութեան 125ամեակին առիթով, որոշ լուսաբանութիւններ հաղորդեց Ազգ. Առաջնորդարանիս աշխատանքի դաշտերուն մասին, միաժամանակ վերահաստատելով Առաջնորդարանիս ու շրջանի հայութեան սրտակցութիւնն ու զօրակցութիւնը՝ մայր հայրենիքին ու աջակցութեան կարօտ հայկական օճախներուն:
Հրաժեշտէն առաջ, Առաջնորդ Սրբազանը յուշանուէրներ յանձնեց յարգելի հիւրին: