Առաջնորդ Սրբազաբը Ընդունեց Հ.Յ.Դ. «Զաւարեան» Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը


Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Չորեքշաբթի, 28 Հոկտեմբեր 2015ի յետմիջօրէին, Ազգային Առաջնորդարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հ.Յ.Դ. «Զաւարեան» կոմիտէի (Լա Քրեսենթա) ներկայացուցիչ Տիար Խաչիկ Հաւաթեանի, ընկերակցութեամբ Քրեսենթա Հովիտի Հայց.
buy Alphagan generic https://andnewbloonline.com over the counter

Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Տիար Տիգրան Տէր Սարգիսեան:

Տիար Խ. Հաւաթեան խօսեցաւ վերջերս ընտրուած նոր կազմի աշխատանքներու ընդհանուր ծրագիրներուն մասին։ Խօսակցութիւնը կեդրոնացաւ Քրեսենթա Հովիտի ծխական համայնքին սեփական եկեղեցւոյ կառուցման մասին, որուն համար Տիար Հաւաթեան յայտնեց կոմիտէութեան զօրակցութիւնը։ Խորհրդակցութեան նիւթ դարձան նաեւ շրջանի հայութեան կարիքներն ու տարբեր միաւորներու միջեւ գործակցութեան ու համակարգումի առաջադրանքները:

Առաջնորդ Սրբազանը յաջողութիւն մաղթեց Տիար Խ. Հաւաթեանի ու գործակիցներուն, հաւաստիացնելով Ազգ. Առաջնորդարանի զօրակցութիւնը հայութեան հաւաքական շահերուն ի խնդիր գործող հայկական բոլոր միաւորներուն:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022