Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Չորեքշաբթի, 15 Փետրուար 2017ին, Ազգ. Առաջնորդարանի «Սիւլահեան» դահլիճին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Եղբայրակցութեան ներկայացուցիչներուն, որոնք այս տարուան իրենց առաջին այցելութիւնը տուին Ազգ. Առաջնորդարան, Առաջնորդ Սրբազանը տեղեակ պահելու իրենց աշխատանքներուն մասին: Հանդիպումին ներկայ եղաւ Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան:
Ներկայացուցիչները հրաւէր ուղղեցին Առաջնորդ Սրբազանին, որպէսզի տարիներու աւանդութեան համաձայն, Մեծ Պահոց շրջանին երեկոյ մը իրենց կեդրոնին մէջ աղօթակից ըլլայ Եղբայրակցութեան անդամներուն հետ եւ իր պատգամը փոխանցէ։
Խորհրդակցութեան գլխաւոր առանցքը կազմեց երիտասարդութիւնը մեր եկեղեցւոյ կապելու անհրաժեշտութեան հարցն ու այդ նպատակով առնուած քայլերն ու ցանկալի միջոցառումները: Խորհրդակցութեան նիւթ եղան իրողական այն դժուարութիւնները, որոնք բազմազբաղ կը դարձնեն երիտասարդները եւ զանոնք հեռու կը պահեն եկեղեցական ու ազգային կալուածներուն հետ սերտ հաղորդակցութենէ: Առաջնորդ Սրբազանը կարեւորութեամբ կանգ առաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի՝ 2017ը «Վերանորոգումի Տարի» հռչակող պատգամին վրայ, շեշտելով, որ այդտեղ յատուկ կարեւորութիւն կը տրուի ազգային-եկեղեցական կեանքի զարգացման ու վերանորոգման:
Առաջնորդ Սրբազանը գնահատեց Եղբայրակցութեան աշխատանքները եւ շեշտեց, որ «Վերանորոգումի Տարի»ն մարմնաւորելու համար, անհրաժեշտ է ձեռքերու միացումը: Հրաժեշտի պահուն, Առաջնորդ Սրբազանը յաջողութիւն մաղթեց Եղբայրակցութեան աշխատանքներուն եւ յուշանուէրներ յանձնեց ներկայացուցիչներուն: