Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Երեքշաբթի, 13 Սեպտեմբեր 2016ի կէսօրին, Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը ազգային բարերար Տէր եւ Տիկին Վահան եւ Անոյշ Շամլեան ամոլին, որ իր անդրանիկ այցելութիւնը կու տար Ազգի Տունը:
Այցելութեան նպատակն էր ծանօթանալ Ազգային Առաջնորդարանին եւ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի մեր Թեմին տալիք այցելութեան նախօրեակին, զօրակցութիւն յայտնել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու Ազգային Առաջնորդարանին: Յարգելի հիւրերը ծանօթացան Առաջնորդարանի բաժանմունքներուն, նաեւ ակնդիր եղան Առաջնորդարանիս նոր յուշակոթողին, որ նուիրուած է Ցեղասպանութեան սրբադասեալ նահատակներուն եւ կանգնած՝ 100ամեակին առիթով: Անոնք գնահատանք ու հիացմունք արտայայտեցին Առաջնորդարանիս կառոյցին ու անոր յարկին տակ տարուող աշխատանքներուն մասին եւ յաջող երթ մաղթեցին Առաջնորդ Սրբազանին ու Ազգի Տան առաքելութեան:
Աւելին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի մօտալուտ այցելութեան առիթով, եւ ընդառաջ՝ Նորին Ս. Օծութեան գահակալութեան 20-ամեակին, Շամլեան ամոլը, իբրեւ զօրակցութիւն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռին եւ Ազգ. Առաջնորդարանին, կատարեց իշխանական նուիրատուութիւն մը, որմէ 10,000 տոլար կը յատկացուի Ազգ. Վահան եւ Անոյշ Շամլեան վարժարանին:
ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՅԱՐԿԻՆ ՏԱԿ
Հանդիպումէն ետք, բարերար ամոլը Առաջնորդ Սրբազանին հետ ուղղուեցաւ իր բարերարութեամբ հաստատուած Ազգ. Վահան եւ Անոյշ Շամլեան վարժարան, ուր արժանացաւ ջերմ ընդունելութեան: Առաջնորդ Սրբազանն ու բարերարները վարժարանի մուտքին դիմաւորուեցան տնօրէնուհիին՝ Դոկտ. Թալին Քարկոտորեանի, փոխ տնօրէնուհիին՝ Տիկին Ռիթա Գաբրիէլանի, անձնակազմի անդամներու, ծնողա-ուսուցչական մարմինին եւ 8րդ դասարանի աշակերտներուն կողմէ: Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց աղ ու հացի օրհնութիւն. աշակերտները Տիկին Շամլեանի նուիրեցին ծաղկեփունջ մը: Յարգելի հիւրերը ապա անցան վարժարանի յարկը, ուր աշակերտները երգեցին դպրոցին քայլերգը, իսկ երկու աշակերտներ արտասանեցին ողջոյնի խօսք: Անոնք գոհունակութիւն յայտնեցին, որ անձամբ կը ծանօթանան իրենց ուսումնարանի բարերարին, այս հանդիպումը նկատեցին տօնական օր մը, գոհունակութիւն արտայայտեցին որ կը յաճախեն հայադրոշմ սերունդներ պահող այս վարժարանը, որմէ շրջանաւարտ եղողներ իրենց հոգիներուն մէջ կը պահեն վարժարանին աւանդները: Անոնք նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեցին Առաջնորդ Սրբազանին, որ կազմակերպած է բարերար ամոլին հետ այս հանդիպումը:
Առաջնորդ Սրբազանը գոհունակութիւն յայտնեց, որ Շամլեան բարերար ամոլը այսօր անգամ մը եւս կը գտնուի այս վարժարանին յարկին տակ, անձամբ վկայելու, թէ ինչ ընթացքով տեղի կ’ունենայ հայեցի դաստիարակութիւնը: Ան յիշեց, որ աւելի քան 40 տարի առաջ, 1975ին, մեր այս գաղութին մէջ ընթացք առած էր եկեղեցիներու եւ դպրոցներու շինութիւնը, բաւարարելու համար հայութեան կարիքը. այդ օրերուն, Շամլեան ամոլը ընդառաջեց մեր աշակերտութեան կարիքին եւ դարձաւ ուսումնական այս հաստատութեան բարերարը: Առաջնորդ Սրբազանը նկատեց, որ աշակերտները պէտք է հպարտ զգան, որովհետեւ բարերարը միշտ հոգածու է իրենց նկատմամբ:
Խօսք առաւ բարերարը՝ Տիար Վահան Շամլեան: Ան աշակերտներուն ուշադրութեան յանձնեց, որ իրենք երանելի են, որովհետեւ կը վայելեն հայկական դպրոցի ջերմացնող յարկն ու մթնոլորտը, եւ աւելցուց, որ կ’աղօթէ Աստուծոյ, որպէսզի իմաստութիւն ու յաջողութիւն շնորհէ աշակերտներուն: Ան յիշեց այս վարժարանին բացման օրերը եւ անոր մարմնաւորման համար ի գործ դրուած ճիգերը, եւ իր խօսքը եզրափակեց մաղթելով, որ աշակերտները ըլլան հայութեան ջահակիրները եւ պաշտպանը՝ մեր ազգային արժէքներուն:
Այնուհետեւ, բարերար ամոլը առիթ ունեցաւ շրջելու վարժարանին մէջ եւ դասարաններ այցելելու, վկայելու համար անոր յառաջդիմութիւնը: Ապա, ծնողա-ուսուցչական մարմինը հիւրասիրութեամբ մը պատուեց Առաջնորդ Սրբազանն ու հիւրերը:
Այցելութիւնը վերջ գտաւ յուզիչ մթնոլորտի մէջ: Հիւրերը սրտի գոհունակութեամբ եւ հաճելի յիշատակներով հրաժեշտ տուին աշակերտութեան ու դաստիարակներուն: