Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ուրբաթ, 29 Յունիսի յետմիջօրէին, Ազգային Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց երիտասարդ հանրային գործիչ Սէմ Քըպուշեանի այցելութիւնը։ Ան եկած էր Առաջնորդ Սրբազանին օրհնութիւնը ստանալու եւ յայտնելու, թէ իր թեկնածութիւնը դրած է Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի (City Council) անդամակցութեան, քաղաքի 13րդ ընտրատարածքէն, որ կþընդգրկէ Հոլիվուտն ու շրջակայ աւանները՝ Արեւելեան Հոլիվուտէն մինչեւ Սիլվըրլէյք։
Յարգելի հիւրը Առաջնորդ Սրբազանին տեղեկութիւններ փոխանցեց իր ասպարէզին ու վաստակին մասին, որ ըստ բաւականին հարուստ է։ Անոր գործունէութիւնը տարածուած է կրթական մարզէն մինչեւ ընկերային ու առեւտրական ասպարէզներ։ Վկայուած է Հարաւային Քալիֆորնիոյ պետական համալսարանէ (Cal State L.A.), բարձրագոյն ուսում ստացած է Պոսթընի մէջ։
Առաջնորդ Սրբազանը բարձր գնահատեց Սէմ Քըպուշեանի գործունէութիւնն ու յաջողութիւն մաղթեց իրեն, որպէսզի իրագործէ հանրօգուտ ու ժողովրդանուէր իր ծրագիրները։