Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց “Թեւանիկ” Ֆիլմի Բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեանի Այցելութիւնը


Ուրբաթ, 2 Յունուար 2015ի առաւօտուն, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Ազգ. Առաջնորդարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց “Թեւանիկ” ֆիլմի բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեանի այցելութիւնը: Հայրենի արուեստագէտին կ’ընկերանար մեր գաղութի ազգային կեանքին ծառայողներէն Տիար Արիք Գէորգեան: Հանդիպումին ներկայ եղաւ Ազգային Վարչութեան փոխ-ատենապետ Դոկտ. Տիգրան Պապիկեան:

Յարգելի հիւրերը Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորեցին Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով: Տիար Ջիւան Աւետիսեան Առաջնորդ Սրբազանը հրաւիրեց իր պատրաստած ֆիլմին՝ “Թեւանիկ”ի Լոս-անճելըսեան յառաջիկայ ցուցադրութեան, որ տեղի պիտի ունենայ 9 Յունուարին, Կլենտէյլի “Beyond The Stars” սրահին մէջ: Ան նաեւ հակիրճ բացատրութիւններ տուաւ ժապաւէնին մասին, որ կը ներկայացնէ Արցախի ազատամարտի օրերէն դրուագներ, հիւսուած՝ երեք գիւղացի մանուկներու կեանքին վրայ, երբ անոնց երազները կը խորտակուին եւ սակայն կը պայքարին կառչած մնալու իրենց ծննդավայրին: Ան նաեւ ուրախութեամբ հաղորդեց, որ “Թեւանիկ”ը ցուցադրուած է եւրոպական, միջին արեւելեան երկիրներու, Ռուսիոյ ու Գանատայի մէջ, արժանացած է բարձր գնահատանքի եւ մրցանակներու: Այս ժապաւէնը մեր շրջանին մէջ առաջին ցուցադրութիւնը ունեցաւ ARPAի այս տարուան ժապաւէններու փառատօնին, Նոյեմբերի կիսուն: Երիտասարդ բեմադրիչը կը ծրագրէ այս ժապաւէնէն իր ապահովելիք եկամուտը օգտագործել իր յաջորդ ժապաւէնին համար, որ պիտի ներկայացնէ Սումկայիթի ողբերգութեան զոհ հայերու դառն փորձառութիւնները, իսկ ժապաւէնին պատրաստութեան մէջ կը հետապնդէ քանի մը նպատակ. լուսարձակի տակ բերել Արցախը, հայկական ֆիլմարուեստը ծանօթացնել աշխարհասփիւռ հայութեան ու օտար հանդիսատեսին:

Առաջնորդ Սրբազանը գնահատեց երիտասարդ արուեստագէտին աշխատանքն ու ազնիւ առաքելութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր յառաջիկայ աշխատանքներուն, մանաւանդ, որ “Թեւանիկ”ին ճամբորդութիւնը պիտի շարունակուի դէպի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներ, Հարաւային Ամերիկա, Յունաստան, Ֆրանսա եւ Ծոցի Արաբական երկիրներ:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022