Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Լիբանանի Թեմի Ազգ. Վարչութեան Ատենապետին Այցելութիւնը

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ուրբաթ, 11 Յունուրար 2019-ի յետմիջօրէին, Ազգային Առաջնորդարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի Թեմի Ազգային Վարչութեան ատենապետ Տիար Րաֆֆի Սիսլեանի։ Հանդիպումին ներկայ եղան Ազգ. Կեդրոնական վարչութեան անդամ Տիար Կայծակ Զէյթլեան եւ Ազգային Վարչութեան ատենապետ Տիար Կարօ Էշկիեան։

Այցելութիւնը առիթ եղաւ միջ-թեմական գործակցութեան շուրջ խորհրդակցութեան։ Առաջնորդ Սրբազանն ու Տիար Ատենապետը ընդհանուր գիծերու մէջ տեղեկութիւններ հաղորդեցին Ազգային Առաջնորդարանի հովանիին տակ գործող եկեղեցիներու, ազգային վարժարաններու եւ յարակից միաւորներու աշխատանքի դաշտերուն, ինչպէս նաեւ գաղութի հայկական միաւորներուն հետ գործակցական յարաբերութեանց մասին, միաժամանակ որոշ ծանօթութիւն տալով յառաջիկայ ծրագիրներու մասին։ Յարգելի հիւրը, իր կարգին, խօսեցաւ Լիբանանի Թեմի դիմագրաւած հարցերուն ու մարտահրաւէրներուն մասին. նկատուեցաւ, որ սփիւռքեան պայմաններուն մէջ, կան հասարակաց հարցեր ու մարտահրաւէրներ, որոնք կը կարօտին համագործակցութեան ու համատեղ աշխատանքի։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022