Արաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Քեսապի Ուսումնասիրաց Միութեան Ներկայացուցիչներու Այցելութիւնը


Չորեքշաբթի, 18 Յունիս 2014ին, Թեմիս Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան հանդիպում մը ունեցաւ Լոս Անճելոսի Քեսապի Ուսումնասիրաց Միութեան Վարչութեան ներկայացուցիչներու հետ, գլխաւորութեամբ վարչութեան Ատենապետուհի՝ Տիկ. Եսթեր Չէլէպեան-Թոկնոզիի։ Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Օրէնճ Քաունթիի Ս.
buy acyclovir online herbalshifa.co.uk/wp-content/themes/twentytwentytwo/inc/patterns/en/acyclovir.html no prescription

Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Հովիւ՝ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան եւ Միութեան անդամներէն՝ Տիար Ժան Թիթիզեան։

Հանդիպման նպատակն էր վերջերս ազատագրուած Քեսապի ուրախ լուրը բաժնեկցիլ եւ Սրբազան Հօր հետ քննարկել ձեռնտու միջոցներ, անմիջապէս օգտակար հանդիսանալու Քեսապի ժողովուրդին։ Ներկայացուցիչները տեղեկացուցին վերջերս Քեսապահայերուն դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին, մանաւանդ որ մեծ վնասներ հասած են Քեսապի մէջ անցնող երեք ամիսներու գրաւումին հետեւանքով։

Առաջնորդ Սրբազանը իր զօրակցութիւնը վերահաստատեց Քեսապի Ուսումնասիրաց Միութեան Վարչութեան ու յատկապէս Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Հիմնադրամի տարած աշխատանքին, եւ մաղթեց որ Սուրիահայ մեր քոյրերն ու եղբայրները յաղթահարեն աննախընթաց տագնապը եւ ի վերջոյ Սուրիան վերագտնէ իր խաղաղութիւնը։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022