Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Լոս Անճելըսի Քաղաքապետական Խորհուրդի Թեկնածու Կարօ Թորոսեանի Այցելութիւնը


Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ուրբաթ, 10 Փետրուար 2017ի առաւօտուն, Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Տիար Կարօ Թորոսեանի, որ թեկնածու է Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամակցութեան՝ յառաջիկայ 7 Մարտի ընտրութիւններուն: Տիար Կ. Թորոսեան Ազգ. Առաջնորդարան եկած էր Առաջնորդ Սրբազանը տեղեակ պահելու իր ծրագիրներուն եւ հայցելու անոր օրհնութիւնը:

Երիտասարդ թեկնածուն ներկայիս կը վարէ քաղաքապետութեան խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեանի Ծրագրումի եւ Կենսոլորտի բաժանմունքին վարիչի պաշտօնը: Ան թեկնածու է Լոս Անճելըսի քաղաքապետութեան 7րդ շրջանէն, որ կþընդգրկէ Ազգ. Առաջնորդարանի շրջակայ գօտին:

Առաջնորդ Սրբազանը օրհնեց Տիար Կ. Թորոսեանը եւ գնահատեց հանրային մարզին մէջ անոր տասնամեայ ծառայութիւնը, լաւագոյնը մաղթելով 7 Մարտի ընտրութիւններուն:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022