Առաջնորդ Սրբազանը Կ’ողջունէ Հայ Դատի Յանձնախումբին “Շնորհակալ Ենք, Ամերիկա” Նախաձեռնութիւնը



Երեքշաբթի, 22 Յուլիս 2014ի յետմիջօրէին, Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն, որոնք եկած էին մանրամասն լուսաբանութիւններ տալու Near East Reliefին շնորհակալութեան արտայայտութեան իրենց նախաձեռնութեան մասին. նախաձեռնութիւնը կը կրէ “Շնորհակալ ենք, Ամերիկա. Երախտագիտութիւն Near East Reliefին” նշանաբանը։

Այցելուներն էին Հայ Դատի Յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի ատենապետ՝ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան, “Շնորհակալ ենք, Ամերիկա…” յանձնախումբի համա-ատենապետներ իրաւաբան Վանա Կիտցինեան եւ Հերմինէ Բախանեանց, կառավարական յարաբերութեանց վարիչ Թերեզա Երիմեան եւ անդամներ՝ Տիկին Նորա Եագուպեան ու Տեարք Արա Խաչատուրեան եւ Միսաք Քէլէշեան:

Հայ Դատի յանձնախումբը վերջերս իւրայատուկ գործակցութիւն մը յայտարարեց Near East Foundationին հետ, գնահատելու եւ երախտագիտութիւն արտայայտելու համար այս կազմակերպութեան, որ Ցեղասպանութեան ու յաջորդող տարիներուն, 1915էն 1930, մեծ նպաստ տրամադրած էր Ցեղասպանութենէ վերապրող որբերուն: Յանձնախումբը անդրադարձաւ Ցեղասպանութենէն վերապրողներուն օժանդակութեան մէջ քրիստոնեայ տարբեր եկեղեցիներու դերակատարութեան եւ Առաջնորդ Սրբազանին օրհնութիւնն ու ցուցմունքները խնդրեց իր յառաջիկայ քայլերուն գծով:

Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց այս նախաձեռնութիւնը եւ օրհնեց Հայ Դատի ծառայողները, յաջողութիւն մաղթեց անոնց այս ու բոլոր նախաձեռնութիւններուն: Ան նաեւ պատրաստակամութիւն յայտնեց ըստ կարելւոյն նպաստելու այս աշխատանքներուն, հաղորդակցութիւն պահելու եկեղեցական յարակից միաւորներու հետ որոնք մասնակից եղած էն օժանդակութեան ճիգերուն։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022