ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅՑ. ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀՈԳԵՒՈՐ ԵՂԲԱՅՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Եղբայրակցութեան վարչութեան ներկայացուցիչները Ուրբաթ, 20 Յունուարի յետմիջօրէին այցելեցին Ազգային Առաջնորդարան եւ ընդունուեցան Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի կողմէ։ Հանդիպումին ներկայ եղան Թեմիս Կրօնական Ժողովի ատենապետ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան եւ Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան։

Ներկայացուցիչները եկած էին ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով շնորհաւորելու Առաջնորդ Սրբազանը, որ ողջունեց զանոնք ու իր օրհնութիւնները տուաւ Եղբայրակցութեան ծառայողներուն։ Ներկայացուցիչները զօրակցութիւն յայտնեցին Առաջնորդ Սրբազանի ու Ազգ. Առաջնորդարանի եկեղեցաշէն ու ժողովրդանուէր աշխատանքներուն։

Խորհրդակցութիւնները ընդգրկեցին Եղբայրակցութեան ծառայական աշխատանքներն ու ծրագիրները։ Առաջնորդ Սրբազանը թելադրեց, որ Եղբայրակցութիւնը իր շրջանակին մէջ քաջալեր հանդիսանայ երիտասարդներու՝ քահանայական ծառայութեան մէջ մտնելու, որուն համար հիւրերը իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնեցին։

Հանդիպումի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը յուշանուէրներ յանձնեց հիւր ներկայացուիչներուն եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց եկեղեցանուէր աշխատանքներուն։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022