ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՔԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ուրբաթ, 11 Մայիսի յետմիջօրէին, ընդունեց այցելութիւնը Քալիֆորնիոյ Երիտասարդաց Միութեան վարչութեան ներկայացուցիչներւոն։

Վարչութեան ներկայացուցիչները Ազգ. Առաջնորդարան եկած էին Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորելու համար վերընտրութեան առիթով։ Անոնք ընդհանուր գիծերու մէջ տեղեկութիւններ տուին միութեան աշխատանքերուն ու ծրագիրներուն մասին, յատկապէս ուրախութեամբ անդրադառնալով երգչախումբի ելոյթներուն։

Առաջնորդ Սրբազանը բարձր գնահատեց միութեան գործունէութիւնը եւ անոր նուիրեալները, որոնք կը ծառայեն մեր մշակոյթին ու ժողովուրդին։ Ան նաեւ գոհունակութիւն յայտնեց այն սերտ կապերուն համար, որոնք միութիւնը հաղորդ կը պահեն Ազգ. Առաջնորդարանին հետ, մաղթելով, որ այս գործակցութիւնը շարունակուի նաեւ հետագային։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022