Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Հինգշաբթի, 29 Հոկտեմբեր 2015ի յետմիջօրէին, Ազգային Առաջնորդարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Մոնթեպելլոյի քաղաքապետ Տիար Ճէք Հաճինեանի, որ եկած էր Առաջնորդ Սրբազանին օրհնութիւնը ստանալու յառաջիկայ Երեքշաբթի, 3 Նոյեմբերին, Մոնթեպելլոյի մէջ տեղի ունենալիք քաղաքապետական խորհուրդի ընտրութիւններուն իր թեկնածութեան համար։
Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց Տիար Ճէք Հաճինեանի ներկայութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր՝ իր աշխատանքի բոլոր դաշտերուն մէջ: Նշենք, որ քաղաքապետութեան մակարդակին վրայ իր տարած աշխատանքին կողքին, Տիար Հաճինեան մաս կը կազմէ Թեմիս Ազգային Երեսփոխանական Ժողովին, եղած է Ս. Խաչ Մայր Տաճարի հոգաբարձութեան անդամ եւ իբրեւ շրջանաւարտ՝ ծառայութիւն մատուցած է նաեւ շրջանի Ազգ. Մեսրոպեան Վարժարանին: Ան խոստացաւ իր ծառայութիւնները նոյն նուիրումով շարունակել Մոնթեպելլոյի հայութեան:
Առաջնորդ Սրբազանը յաջողութիւն մաղթեց նաեւ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի հոգաբարձութեան անդամներէն Տիար Աշոտ Մուրատեանի, որ թեկնածու է քաղաքապետարանի գանձապահի պաշտօնին։