Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Բանաստեղծ եւ Մտաւորական Ժագ Ս. Յակոբեանի Այցելութիւնը

Ծերունազարդ բայց հոգուով ու միտքով միշտ կենսունակ բանաստեղծ-մտաւորական Ժագ Ս. Յակոբեան փափաք յայտնած էր այցելելու Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, որ ընդառաջելով՝ Ուրբաթ, 27 Յուլիս 2018-ի կէսօրին, Ազգային Առաջնորդարանին մէջ հիւրընկալեց բանաստեղծը։

Նկատի ունենալով, որ այցելութիւնը տեղի կ’ունենար Լիզպոնի Հինգ Հերոսներուն նահատակութեան 35-րդ տարելիցին օրը, զրոյցը իբրեւ մեկնակէտ ունեցաւ այդ սխրանքին նուիրուած՝ հեղինակին բանաստեղծութիւնը, որ նոյն օրը լոյս տեսած էր մամուլին մէջ։ Հանդիպումին, արծարծուեցան նաեւ Ժագ. Ս. Յակոբեանի գրական աշխատանքներն ու հրատարակչական ծրագիրները. յիշեցնենք, որ Ազգ. Առաջնորդարանը լոյս ընծայած է բանաստեղծին շուրջ տասնեակ մը գործերը։

Առաջնորդ Սրբազանը հիւր բանաստեղծին նուիրեց աղօթագիրքեր եւ յուշանուէր մը, իսկ մեկնումէն առաջ, ընդառաջելով անոր փափաքին՝ օրհնութեան աղօթք մը կատարեց, Աստուծմէ խնդրելով, որ առողջութիւն, երկար կեանք ու կենսունակութիւն պարգեւէ իր նուիրեալ ծառային։ Բանաստեղծը Աստուծոյ փառք տալով յայտնեց, թէ քանի մը օրէն պիտի տօնէ ծննդեան 101-րդ տարեդարձը։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022