Հինգշաբթի, 19 Նոյեմբեր 2015ի կէսօրին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ընդունեց այցելութիւնը ծանօթ մտաւորական, բանաստեղծ եւ բազմավաստակ դաստիարակ Ժագ Ս. Յակոբեանի այցելութիւնը:
Յարգարժան բանաստեղծը Ազգ. Առաջնորդարան եկած էր, Առաջնորդ Սրբազանին ներկայացնելու իր գրական հարուստ վաստակէն քաղուած հատընտիր ու գողտրիկ հաւաքածոյ մը, որ կազմուած է Հայուն, Հայերէնին ու Ս. Գիրքին նուիրուած աւելի քան 15 բանաստեղծութիւններով: Դաստիարակ բանաստեղծը ցանկութիւն յայտնեց, որ Ազգ. Առաջնորդարանը լոյս ընծայէ հաւաքածոն եւ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, իբրեւ նուէր բաժնէ հայկական բոլոր վարժարաններուն: Այս առիթով, ան շնորհակալութիւն յայտնեց Ազգային Առաջնորդարանին, որ տարիներէ ի վեր սիրով հրատարակած է իր գործերը:
Իր կարգին, Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց բազմավաստակ դաստիարակը եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց անգամ մը եւս ընդառաջելու գրքոյկին հրատարակութեան ու հայկական վարժարաններուն նուիրելու փափաքին: Յիշեցնենք, որ Ազգ. Առաջնորդարանս վերջին 15 տարիներուն լոյս ընծայած է բանաստեղծէն շուրջ 10 հատորներ:
Հրաժեշտի պահուն, հիւր բանաստեղծը անակնկալ մը ըրաւ Առաջնորդ Սրբազանին, նուիրելով գրակալի ձեռակերտ ծածկոց մը, զոր տասնամեակներ շարունակ օգտագործած է մեր Թեմի կարգ մը եկեղեցիներւն՝ Ս. Աստուածածին, Ս. Սարգիս եւ Ս. Նահատակաց եկեղեցիներուն մէջ Ս. Գրային սերտողութեան հանդիպումները առաջնորդելու պահուն: