Առաջնորդ Սրբզանը Ընդունեց Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Գլխաւոր Քարտուղարին Այցելութիւնը

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Երեքշաբթի, 27 Նոյեմբեր 2018-ի առաւօտուն, Ազգային Առաջնորդարանին մէջ հիւրընկալեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան գլխաւոր քարտուղար Տիար Վահագն Մելիքեանը, որուն կ’ընկերանար Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Տիար Արմէն Բայբուրդեան։ Հանդիպումին ներկայ եղաւ Ազգային Վարչութեան ատենապետ Տիար Կարօ Էշկիեան։

Հայրենի հիւրը իր գոհուկանութիւնը յայտնեց Ազգ. Առաջնորդարան առաջին այցելութեան առթիւ, բարձր գնահատելով Առաջնորդ Սրբազանին եւ Ազգ. Առաջնորդարանին գործունէութիւնը։ Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց հայրենի հիւրին ներկայութիւնը Ազգային Առաջնորդարանի յարկին տակ եւ, նկատի ունենալով, որ անոր առաջին այցելութիւնն էր՝ ընդհանուր գիծերու մէջ բացատրութիւն տուաւ Ազգի Տան յարկին ու հովանիին տակ տարուող ժողովրդանուէր ծառայութիւններուն մասին, նշելով, որ մեր եկեղեցիներն ու ազգային վարժարանները հաւասարապէս նուիրուած են նաեւ մայր հայրենիքին՝ Հայաստանին ու Արցախին։ Իր կարգին, Ազգ. Վարչութեան ատենապետը բարեմաղթութիւններ փոխանցեց։

Խորհրդակցութիւնները ընդգրկեցին Հայաստանի այժմու զարգացումներն ու դիմագրաւած հարցերը եւ ապագայի ծրագիրները։

Հրաժեշտի պահուն, տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում, ապա, հիւր պաշտօնատարը ծանօթացաւ Ազգային Առաջնորդարանի կարգ մը բաժանմունքներուն։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022